Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ժըպրանին վէպը… Փիւնիկեան տաճարը… թեքնոլոճին… եւ թզենին

Հոկտեմբեր 21,2015 17:54

Քանի մը օր առաջ «Ֆէյսպուք»ի վրայ նշամարեցի բարեկամիս՝ Շիրազ Ճէրէճեանին նկարը, որուն մէջ ան կանգնած է Փիւնիկեան-Հռոմէական տաճարի մը մնացորդացին առջեւ:

Այս մէկը զիս յիշողութեամբ տարաւ պատանեկութեանս՝ այն հին, բարի ու անմեղ օրերը, երբ կը կարդայի մեծանուն Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Կոտրած Թեւերը» (Ալ Աժնիհա ալ Մութաքասսիրա) տխուր սիրավէպը: Վէպին մէջ Ժըպրան ամենագեղեցիկ ոճով նկարագրած էր, իր խօսքով՝ Պէյրութէն դէպի Լեռնալիբանան ճամբուն վրայ, պարտէզներու եւ լեռներու ետին գտնուող հին Փիւնիկեան՝ Ատոնիսի եւ Իշթարի (Աշթարութ) նուիրուած տաճար մը, ուր ինքզինք ներկայացնող վէպին երիտասարդ հերոսը իր ընկերուհիին՝ Սալմային հետ կ՛ապաստանէին քանի մը ժամ իրենց սէրը վայելելու… հազարամեակներ առաջ նոյն վայրին մէջ սիրաբանած արիութեան եւ գեղեցկութեան աստուածներուն հովանիին տակ: Միայն Ժըպրանին յատուկ ամենագեղեցիկ ոճով ու երեւակայութեամբ գրուած վայրին նկարագրականը՝ անկարելի էր զսպել երիտասարդ հոգիս չերազելու օր մը նոյն պայմաններով այնտեղ գտնուիլ…:

Կը յիշեմ այդ տարիներուն հերթական ընկերուհիներով երկար փնտռած եմ նկարագրուած վայրը սակայն ի զուր:

Տարիներ անցան ու շատ բան չմնաց այդ անմեղ յուշերէն եւ զգացումներէն, մինչեւ որ հաճելի անակնկալով մը վերջերս տեսայ Շիրազին դրած նկարը, որուն տակ ուրախութեամբ նօթագրեցի, թէ ի՞նչ յիշեցուց զիս: Միայն քանի մը վայրկեան տեւեց Շիրազին պատասխանը, որ ի զարմանս ինծի կը հաղորդէր, թէ պատանեկութեանս փնտռտուքներուս ժամանակ գոյութիւն չունեցող համացանցի օգնութեամբ արդէն գտած է վայրը՝ առաջարկելով, որ կրնայ զիս հոն առաջնորդել երբ որ կ՛ուզեմ:

Շուտով ժամադրուեցանք եւ քանի մը օր առաջ՝ Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2015ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ընտանիքիս ու Շիրազին ընկերակցութեամբ եւ միշտ համացանցի արբանեակային քարտէսի օգնութեամբ ու հաճելին օգտակարին խառնելով ուղղուեցանք դէպի Փիւնիկեան Պիպլոսի (Ժիպէյլ) բարձրունքները, ի միջի այլոց եւ իմ փնտռած վայրիս ճամբուն վրայ ծանօթանալու նաեւ հին Հռոմէական կառոյցներու մնացորդացին, որոնցմով այնքան հարուստ եւ որքան անծանօթ ու տգէտ է լիբանանցին…:

Օդը պայծառ, բնութիւնը գեղեցիկ, օձապտոյտ ու նեղ սակայն շատ հաճելի Ատոնիս գետի կիրճն ի վեր գացող ճամբով մը, որ ուղղակի հիւսիսային զուգահեռն է Նահր էլ Քալպի կիրճին, ուղղուեցանք դէպի մեր այցելութեան առաջին վայրը՝ Մաշնաքա գիւղը, որուն մէջ ըստ մեր ձեռքի հեռաձայնի համացանցային քարտէսին՝ առաջին դարէն մնացած Հռոմէական տաճար մը կը գտնուէր:

Մեր հեռաձայնի քարտէսը շուտով ցոյց տուաւ, որ հասած ենք մեր ուզած վայրը: Ո՛չ մէկ այլ նշան կամ ցուցատախտակ: Ինքնաշարժը ձգելով ուղղուեցանք արուեստական արբանեակին ցոյց տուած կողմը՝ դէմ դիմաց գալու ա՜յնքան լքուած որքա՜ն գեղեցիկ մեր Գառնին յիշեցնող հետեւեալ տաճարին.

P1 Մաշնաքայի Լքուած Տաճարը

Հիացմունքով շօշափեցինք կառոյցին քարերը ու ափսոսացինք ի տես այն լքուած վիճակին, որուն մէջ կը գտնուէր ան, որուն պարիսպի սահմաններէն ներս դժբախտաբար կար գիւղացիի մը տունը, որ իր կիրակնօրեայ ճաշի պատրաստութեամբ եւ տան վիճակի անփութութեամբ կ՛արատաւորէր պատմական այս վայրը:

Տաճարի սահմաններէն ոչ շատ հեռու աւելի եւս լքուած ու խոտերով ծածկուած արահետի մը ետին գտանք այլ սքանչելիք մը: Իշթարն ու Ատոնիսը մարմնաւորող դէմ դիմաց կանգնած ժայռափոր հնութիւններ, որոնց նոյն վայրին մէջ գտնուիլը մեզ մտածել տուաւ, թէ շատ է հաւանականութիւնը, որ քիչ առաջուան տաճարը նախքան Հռոմէական կառոյց ըլլալը, եղած է Փիւնիկեան սրբատեղի ու նուիրուած առասպելական այս երկու աստուածներուն, որուն հիմքերուն վրայ աւելի ուշ շինուած է Հռոմէական հեթանոսական վերոյիշեալ տաճարը:

P2 Իշթար (Աշթարութ) Դիցուհիին Ժայռափոր Քանդակը

P3 Ատոնիսի  Ժայռափոր Քանդակը

Մեր ինքնաշարժին վարելու պարտականութիւնը վստահելով նման ճամբու պտոյտներու սիրահար Շիրազին, ետեւը նստած միտքով սկսայ սաւառնիլ դէպի հնագոյն մշակոյթներու պատմութեան գիրկը՝ յիշելով, որ ըստ աւանդութեան Փիւնիկեան Պիպլոս քաղաքին մէջ կը ծնի գեղեցիկ մանչ մը, որ շուտով կը կորսնցնէ իր ծնողքը ու խնամուելու համար կը յանձնուի ընդյատակեայ աստուածուհիի մը: Երբ մանչը մեծնալով կը դառնայ արի եւ գեղադէմ երիտասարդ մը, Իշթար (Աֆրոտիդ, Վէնիւս կամ Աշթարութ) դիցուհին կը սիրահարի իրեն: Մինչ այդ յայտնի կը դառնայ, որ զինք խնամող աստուածուհին, նոյնպէս սիրահարած է երիտասարդին: Անոնք կը համաձայնին, որ երիտասարդը իւրաքանչիւր կողմին մօտ փոխն ի փոխ մնայ կէսական տարի:

Երկու դիցուհիներու սէրն ու գուրգուրանքը վայելող գեղադէմ երիտասարդը շուտով կ՛աճի՝ դառնալու Պիպլոսի բլուրներուն վրայ ապրող արի հսկայ մը: Ան ծանօթ կը դառնայ «Ատոն» անունով, որ «Տէր» կամ «աստուած» կը նշանակէ, շուտով վերածուելով Ատոնիսի:

Ցաւալի պատահարով մը ատենի արու աստուածներէն մին չափազանց նախանձելով Ատոնիսէն, կը կերպարանափոխուի վայրի խոզի եւ անհաւասար կռիւի մը ընթացքին մահացուօրէն կը վիրաւորէ Ատոնիսը:

Երբ վիրաւոր Ատոնիս գեղեցիկ Իշթարի գիրկին մէջ արիւնաքամ հոգին կ՛աւանդէր, իրմէ արեան կաթիլներ կ՛իյնան հողին վրայ, ուրկէ վայրի կակաչի նմանող ծաղիկներ կը բուսնին, իսկ Պիպլոսի բարձունքներէն հոսող գետը, որ իր անունով Ատոնիս կը կոչուի (այսօր՝ Նահր Իպրահիմ), գարնան յորդումի օրերուն ջուրին հետ խառնուող հողը կարմիր գոյն մը կու տայ իրեն, զոր նախնիները կը վերագրէին Ատոնիսի արեան…։

Այսպէս հասանք այլ հնութեան մը՝ Եանուհի տաճարը, որ իր տարածութեամբ աւելի մեծ ու հանրութեան ծանօթ էր եւ կ՛ընդգրկէր քանի մը կառոյց: Գոնէ անոր մուտքին կար բացատրողական ցուցատախտակ մը, որ կը նշէր, թէ հեթանոսական այս տաճարը կառուցուած է Ք.Ե. առաջին եւ երկրորդ դարերուն, որուն վրայ կամ կողքին իր քարերով աւելի ուշ շինուած էր Բիւզանդական եկեղեցի մը (այժմ նոյնպէս քանդուած):

P4 Եանուհի Տաճարի Մնացորդածը

Շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Աֆքայի քարայրը՝ Ատոնիս աստուծոյ պատմական ուխտատեղին: Ճամբան դարձեալ ընկղմած միտքերուս ծովուն մէջ կը մտածէի, թէ տարածաշրջանի մշակոյթները այս որք՜ան ազդուած են իրարմէ…: Ատոնիսի եւ Իշթարի զգացական դիցաբանութենէն ազդուած՝ Հռոմայեցիներն ու ապա Յոյները անոնց որդեգրած էին իրենց մշակոյթի դիցաբանութեան մէջ, ուր Իշթար (Աշթարութ) նոյնացած է Աֆրոտիդի եւ Վենիւսի հետ: Մեր Աստղիկը՝ գեղեցկութեան ու սիրոյ դիցուհին հորիզոնականներ չո՞ւնի Իշթարի հետ: Հա՞պա քաջութեան ու արիութեան աստուածներ Ատոնիս եւ Վահագն զուգահեռը… մեր Գեղեցիկ Արան ու անոր այլ կնոջ կողմէ սիրահարութիւնը, որքա՞ն տարբեր է Ատոնիսի երկու կիներու սիրահարը ըլլալու առասպելէն…։ Իսկ այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ, թէ Ատոնիս Իշթարի աղօթքներուն եւ աստուածներուն մօտ միջամտութեան որպէս արդիւնք, ըստ առասպելին մահուընէ քանի մը օր վերջ յարութիւն առած է, անոր ազդեցութիւնը մեզի մօտ եւ աւելի նոր մշակոյթի մը վրայ ակներեւ չի՞ դարձներ…։

Դարձեալ ընկղմած միտքերուս մէջ, յիշողութեանս աչքին առջեւ եկան Ատոնիսի եւ Իշթարի սիրային զգացական առասպելէն ազդուած՝ 18րդ դարու արուեստի գործեր, ինչպէս Ֆրանսական Ռոքոքօ արուեստի ոճին պատկանող՝ Չարլզ Ժոզէֆ Նաթուարի՝ «Վէնիւս եւ Ատոնիս» աշխարհահռչակ գեղանկարը:

Venus and Adonis

Venus and Adonis

Աֆքայի ճամբէն քիչ մը շեղելով, Շիրազ մեզ ուզեց ցոյց տալ Ռուէյսի քարայրը, որ իր խորութեամբ երկրորդն է Լիբանանի մէջ Ժէիթայի քարայրէն ետք: Իմ միտքս սակայն Աֆքայի վրայ կեդրոնացած էր: Կողակիցս՝ Թալինը ու տղաս Կրեկը, Շիրազին հետ իջան ինքնաշարժէն քարայրին մուտքը նկարելու:

P6 Ռուէյսի Քարայրին Մուտքը

Շարունակեցինք դէպի Աֆքա՝ Ատոնիսի եւ Իշթարի, ինչպէս նաեւ Ժպրանի վէպին սիրահարներուն գաղտնի ժամադրավայրը…: Արբանեակային քարտէսը մեզ շուտով տեղեկացուց, որ արդէն հասած ենք:

Հոյակապ քարայրի մը մուտքին դիմաց կը գտնուէինք: Աֆքայի քարայրն էր ան, որուն մօտէն կը փխէր Ատոնիս գետի սքանչելի ակունքը:

P7 Ատոնիս (Նահր Իպրահիմ) Գետի Ակունքը

Քարայրին դիմաց կային այն ամէն ինչ, որ առասպելը կը պատմէր՝ Ատոնիսի արեան վերագրուած վայրի կարմրագոյն պտուղի ծառերն ու կակաչը յիշեցնող կարմիր վայրի ծաղիկները… բացի տաճարէն, որուն տեղ կային միայն փլատակ քարերու կոյտեր, որոնք երեւի մնացորդացն էին ատենին հոն կանգնած սիրոյ տաճարին…: Չկար երազներուս տաճարը…:

P9 P10

Համացանցային պրպտումով մը անմիջապէս անդրադարձանք, որ քրիստոնէական առաջին օրերուն քրիստոնէութիւնը տարածողները, տաէշանման ոճով մը քանդած էին այն ինչ, որ իրենց կարծիքով կը հակասէր նոր կրօնքին…:

Այստեղ է, որ անդրադարձայ, թէ միայն Ժպրանի նման մեծութեան մը երեւակայութիւնն ու սքանչելի ոճն էր, որ իր վէպին մէջ այնքան սքանչելիօրէն վերականգնած էր հեթանոսական տաճարը, զայն կապելով երեւի աւելի ուշ անոր վրայ բարձրացած (երկրաշարժներով այժմ քանդուած) քրիստոնէական եկեղեցիին՝ Ատոնիսն ու Իշթարը կապելով Յիսուս Քրիստոսին ու զիս տարիներ կապուած պահելով ինծի համար անյայտ այս կախարդական վայրին:

Ի տես քանդուած տաճարին բարկացած էի, սակայն ոչ յուսախաբ: Ի վերջոյ ես կը գտնուէի «սրբատեղիի» մը հողերուն վրայ… պատանեկութեանս անմեղ զգացումներու կենդանի վայրին մէջ:

Հոն գտնուող թզենիի ծառի մը տակ նստած երկար դիտեցի Ատոնիս գետի գեղեցիկ ակունքը՝ այն միեւնոյն տեսարանը զոր դարեր առաջ թերեւս գիրկ գիրկի նստած Ատոնիսն ու Իշթարը դիտած են: Տեսարան մը, որ ոգեւորած է իրմով նոյնացած ժըպրանին վէպին հերոսն ու անոր սիրահարը…:

P11

 

Թզենիին վրայ ինծի կը ժպտար կարմիր թուզ մը՝ թերեւս մեր առասպելական հերոսներուն սիրոյ պտուղը: Քաղելով այդ մեղրահամ պտուղը եւ ուտելը զիս խորհրդանշականօրէն ապրեցուց այն քաղցրահամ վայրկեանները, զորս սիրոյ այս սրբավայրին մէջ ապրած են Ատոնիսն ու Իշթարը՝ Ժըպրանն ու Սալման…:

 ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031