Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ինչ պէտք է ընէ եւ չընէ սուրիահայը Հայաստան հասնելէն ետք. yerakouyn.com

Հոկտեմբեր 21,2015 13:12

 ԵՌԱԳՈՅՆ. Բոլորիս յայտնի է, որ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով, բազմաթիւ սուրիահայեր ՀԱՍԱՆ Հայաստան կամ ապաստան գտան Հայրենիքի մէջ։ Հայաստան հասնողները սպասեցին կամ կը սպասեն “փրկութեան” ելքին, այսինքն՝ որեւէ միջոցով այլ երկիր անցնելու համար։ Իրենց կեանքն է եւ որոշման իրաւունքը նոյնպէս, բայց մինչեւ երթալը, ոմանք շտապեցին լուծել իրենց առողջական խնդիրները՝ յաճախ մեղադրել պետութիւնը, թէ ինչո՞ւ վիրահատութեան թուականը ուշացուցած են, իսկ եթէ մինչ այդ Եւրոպա մեկնին… Ամէն օր հնչող մեղադրանքներու հետ, օր մըն ալ Եւրոպա երթալու օրը հասաւ, հայկական անձնագիրն ալ մէկ կողմ նետուեցաւ…

Հայրենիքի մէջ ապաստան գտնող ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ սուրիահայերը, պէտք է արձանագրուին “Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն”-ին մօտ, որպէսզի համապատասխան եւ հնարաւոր նպաստներ ստանան (հագուստ, տան վարձ, սնունդ, կրթութեան վարձ, բժշկական ստուգումներ)։ Անոնք պէտք արձանագրուին նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ցանկին մէջ եւ այնտեղ դիմեն իրենց խնդիրները լուծելու համար (աշխատանքի, առողջական, կրթական եւ այլ)։

Բնականաբար շատեր դիմած են եւ շատեր ստացած պէտք եղած աջակցութիւնը կամ լուծած իրենց խնդիրները, սայկայն անոնցմէ շատ քիչերն են, որոնք կը բարձրաձայնեն այդ մասին։ Բարձրաձայնողները չստացողներն են. այո կը պատահի նաեւ նպաստ չստանալ, երբ յատկացուած գումարը կը վերջանայ, երբ այս կամ այն ծրագիրին յատկացուած պիւտճէն կը սպառի, կամ երբ դիմողը Երեւանի կեդրոնի մէջ 600-700 տոլարի տուն վարձած է եւ եկած 60.000 դրամի նպաստ կ’ուզէ՝ տան վարձի համար։ “Ես չառնեմ իրենք կ’ուտեն” ըսողներուն ալ ըսեմ, այդ կասկածդ փառատելու համար առածդ 60.000 -ը  կամ սնունդը, որուն կարիքը հաստատ չունիս կարիքաւորի մը տուր, եւ ոչ թէ արդէն Եւրոպա հասած ու իր անձնագիրը քովդ ձգած հարազատիդ անունով կարիքաւորներուն նախատեսուած կաթը առ, նոյնիսկ երբ անչափահաս երեխայ ալ չունիս։

Վայել չէ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայուն արաբական արբանիակային ալիքով հարցազրոյց տալու ժամանակ յայտարարել, որ տեղացիները կը նախանձին մեզմէ։ Գուցէ եւ նախանձին, սակայն այդ մասին բարձրաձայնե՞լ ողջ աշխարհին…

Բնականաբար ամէն ինչ անթերի կերպով չէ, որ կը ցուցաբերուի սուրիահայերուն, սակայն սուրիահայը այս բոլոր դժուարութիւններուն տոկալով, հերոսաբար յաղթահարելով այս անմարդկային դժուարութիւնները, պէտք չէ կորսնցնէ իր տեսակը։ Մենք ճանչցուած ենք իբրեւ աշախատասէր, արդարամիտ, հայերնիքին ու հայութեան հաւատարիմ հայորդիներ, մնանք այդպիսին…

Յուսանք ու հաւատանք, որ խաղաղութեան օրը մօտ է եւ իւրաքանչիւրը աւելի յստակ կը գիտնայ իր ընելիքը։ Իւրաքանչիւրը ազատ է իր որոշման մէջ, սակայն ուր ալ երթանք Հայերնիքը չվատաբանենք…

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031