Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ուղղակի հասցէներով. Asbarez

Հոկտեմբեր 15,2015 10:43

Նահատակ կամ հաշմուած զինուորներու ընտանիքներուն, անոնց կարիքներուն, անոնց ճակատագիրին հանդէպ անտարբեր չի կրնար մնալ ոեւէ հայ:

Եթէ ճշմարիտ է այս բանաձեւումը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ այդ կարգավիճակին մէջ գտնուող ընտանիքներուն օժանդակութիւն հասցնելու գործը բարձր մակարդակի կազմակերպուածութեամբ չէ լուծուած: Ինչո՞ւ բարեգործական միութիւնները անկարող եղած են մնայուն զօրաշարժի մէջ պահելու հանրութիւնը եւ մշտական նիւթական հոսք ապահովելու գերագոյն զոհողութիւն կատարած անձերու ընտանիքներուն՝ արժանապատիւ կեանքի պայմաններ երաշխաւորելով անոնց:

Իմ կարծիքով՝ կան երեք պատճառներ.
ա.- Հանրութեան լայնագոյն շերտերը իրազեկելու, անոնց հասնելու եւ տեղեակ պահելու անկարողութիւնը. նահատակ կամ հաշմուած զինուորներու ընտանիքներուն վիճակին մասին հանգամանալի տեղեկութիւն փոխանցելու, անոնց անմիջական ու տեւական խնդիրներուն հասու դարձնելու դժուարութիւն:
բ.- Վստահութեան խնդիր… Ասիկա քիչ մը անհասկնալի է: Մեր իրականութեան մէջ կը գործեն տպաւորիչ տարիք ունեցող, հեղինակաւոր, արդարօրէն ու մեծ զոհողութիւններու գնով վարկի եւ յարգանքի տիրացած բարեգործական կազմակերպութիւններ, որոնք նաեւ ունին հայաստանեան ներկայութիւն, մասնաճիւղ կամ գրասենեակ: Այս կազմակերպութիւնները (ՀՕՄ, ՀԲԸՄ) աւելի քան վստահելի են եւ օժտուած համապատասխան ենթակառոյցներով, որպէսզի կարենան հասնիլ իւրաքանչիւր ընտանիքի ու երաշխաւորեն գումարներու կանոնաւոր հոսքը: Համոզուած եմ, որ եթէ այս կազմակերպութիւնները յայտարարեն իրենց յանձնառութիւնը՝ այս ընտանիքներուն օժանդակելու գործը ստանձնելու, ապա անոնք կը ստանան ժողովուրդի լայն խաւերուն նեցուկը: Վստահելի անհատներու, առանձին անձերու ճամբով, այս տարողութիւնը ունեցող գործը գլուխ չ՛ելլեր:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031