Յիշեցնեմ, որ նախորդ նամակով պատմած էի, թէ դրամատուն այցելութեան ընթացքին տեղեկացած էի, որ հաշիւներուս վրայ 45 հազար դրամի չափով կալանք կայ դրուած, որովհետեւ չէի վճարած ինքնաշարժի խախտումներու տուգանքները։ Երկու տարի առաջ ինքնաշարժս վաճառած էի եւ զարմանալի է, որ 4 խախտում արձանագրուած է անունիս։ Յաջորդ օրը 4 նամակ ստացայ ԴԱՀԿէն (Դատական ակտերի հարկադիր կատարման ծառայութիւն)։ Նամակներուն մէջ կը նշուէր խախտումներու արձանագրման համարները եւ կալանքի մասին որոշումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով՝ խախտումներու նկարահանումէն ետք վարորդները պէտք է ստանան համապատասխան զեկուցագիր եւ տուգանքի վճարման պայմանաժամ։ Պէտք է ըսեմ, որ ոստիկանութիւնը նամակատան միջոցով շատ պարտաճանաչօրէն կ՛ուղարկէ այս զեկուցագիրները, ուր նշուած կ՛ըլլան երթեւեկութեան օրէնքներու խախտումներուն մանրամասնութիւնները։ Զեկուցագիրներուն մէջ կը տրուին նաեւ ծածկագիրներ, որոնցմով կարելի է ոստիկանութեան կայքէջին վրայ դիտել «քամերա»ներուն արձանագրած խախտումները։ Եթէ տուգանքը ճշդուած ժամկէտին չվճարուի, ոստիկանութիւնը համապատասխան տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԴԱՀԿին, որ իր կարգին կալանք կը դնէ ենթակայի դրամատնային հաշիւներուն վրայ՝ տուգանքի եւ տոյժերու գումարներուն չափով։
Ինծի ուղարկուած նամակներէն բացայայտ էր, որ խախտումներ իսկապէս տեղի ունեցած են, սակայն չէի հասկնար, թէ ինչո՞ւ իմ անունիս պիտի արձանագրուին անոնք։ Յաջորդ օրը, գրասենեակ ժամանելուս պէս, դեռ բարի լոյս չըսած ու սուրճի մեքենային չմօտեցած՝ մօտս կանչեցի մեր վարորդը, որ երիտասարդ ըլլալով հանդերձ, բաւական շատ գիտելիք եւ փորձառութիւն կուտակած էր ճանապարհային ոստիկանութեան հետ կապուած խնդիրներուն մասին։
Վլադը անմիջապէս բացաւ ոստիկանութեան կայքէջը եւ շատ արագ բացայայտեց տուգանքներու առեղծուածը…
Կարդացեք նաև
– Շե՛ֆ ջան, էս էն մեքենանարն են, որ մենք տուել ենք մեր հետ աշխատող կազմակերպութիւններին։ Երեւի նրանց վարարոդները խախտումների համար չեն վճառել,- ըսաւ ան։
– Հա՜,- ըսի ես,- հիմա հասկցայ…
Րաֆֆի Տուտագլեան
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում