Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 10-ի առաւօտեան Խաղաղութեան հանրահաւաքի ժամանակ տեղի ունեցած հզօր պայթիւններուն հետեւանքով զոհուած է 97 քաղաքացի:
Ըստ թրքական MIlliyet թերթի` Անգարայի պայթիւնին հետեւանքով զոհերու թիւին մասին պաշտօնական նոր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է կառավարութեան համակարգող կեդրոնը: Յայտարարութեան համաձայն` Հոկտեմբեր 10-ի առաւօտեան Խաղաղութեան հանրահաւաքի ժամանակ երկու պայթիւններուն հետեւանքով զոհուած է 97, վիրաւորուած` 246 քաղաքացի:
Կը նշուի, որ զոհուածներէն 92-ի ինքնութիւնը արդէն յայտնի է:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 10-ի առաւօտեան Անգարայի երկաթուղագծի կայարանի շրջանը տեղի ունեցող Ժողովրդական ժողովրդավարական կուսակցութեան խաղաղ հանրահաւաքի ընթացքին որոտացած է 2 պայթիւն:
Ըստ «էխօ Մոսկուի»-ի՝ թրքական ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է 25-30 տարեկան տղամարդ մահապարտ ահաբեկիչի մարմնի մասերը: Յայտնաբերուած են նաեւ մատնահետքեր:
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում