Հայաստան այցելող ոեւէ զբօսաշրջիկ գլխաւոր ճանապարհներու վրայ կը տեսնէ ինքնաշարժներու արագութիւնը չափող յատուկ սարքեր, իսկ Երեւանի խաչմերուկներուն տեղադրուած՝ ինքնաշարժներու երեթեւեկութիւնը նկարող քամերաներ։ Արագութեան արտօնուած սահմանը կամ երթեւեկութեան կանոնները խախտող վարորդները կը նկարուին այս սարքերուն միջոցով եւ կ՛ենթարկուին համապատասխան տուգանքներու։
Այս սարքերուն սեփականատիրոջ եւ անոնցմէ եկող եկամուտներուն մասին ճիշդ ու սխալ շատ բան կը խօսուի քաղաքին մէջ։ Այլոք շարունակաբար կը բողոքեն, որ օրէ օր բազմացող այս քամերաները կը խախտեն մարդու անձնականութեան իրաւունքը (privacy), որովհետեւ անոնք ամէն տեղ են եւ ամէն րոպէ կրնան հետեւիլ քաղաքացիներու շարժումներուն եւ նկարել անոնց երթն ու դարձը։
Երկար ժամանակ այս խօսակցութիւններով շատ չէի հետաքրքուած. ի վերջոյ, քաղաքացիներուն գրպանը նոր հնարքներով դատարկելու կառավարութեան նախաձեռնութիւնները զարմանք չեն պատճառեր այլեւս, իսկ մենք՝ հայերս, ե՜րբ անձնականութեան իրաւունք (privacy) ունեցած ենք, որ հիմա այդ իրաւունքի ոտնահարման մասին մտածենք։ Privacy–ի ճշգրիտ իմաստը արտայայտող բառ նոյնիսկ գոյութիւն չունի մեր այլապէս հարուստ լեզուին մէջ…
Բայց անցնող քանի մը շաբաթներուն կամայ ակամայ ես ալ տարուեցայ նկարող սարքերու մասին խօսակցութիւններով եւ պատրաստ եմ ձայնս միացնելու բողոքող քաղաքացիներու ձայնին, որովհետեւ ձեւով մը պատանդը դարձած եմ այս քամերաներու տուգանքներէն յառաջացած շփոթեցնող եւ անտեղի գլխացաւանք պատճառող խճճոտ հարցերուն։
Կարդացեք նաև
Պատմութիւնը սկսաւ մօտ երկու շաբաթ առաջ, երբ դրամատուն գացեր էի, քանի մը գործարքներ կատարելու համար։ Պատուհանին ետեւ նստած քաղաքավար ու կիրթ պաշտօնեան, ակնոցին տակէն համակարգիչի պաստառին քանի մը րոպէ ուշադիր, բայց զարմացած նայելէ ետք ըսաւ.
– Պարոն Տուտագլեան, բայց ձեր հաշիւների վրայ կալանք կայ դրուած ԴԱՀԿի կողմից (ԴԱՀԿն Դատական ակտերի հարկադիր կատարման ծառայութիւնն է, այսինք դատարաններու որոշումները պարտադրողը)։
– Ի՞նչ կալանք,- բարձրաձայն եւ ակնյայտօրէն մտահոգ հարց տուի ես։
– Այո, այո,- ըսաւ պաշտօնեան, ակնոցը վեր բարձրացուց եւ գլուխը աւելի մօտեցնելով համակարգիչի պաստառին, շարունակեց.
– 45 հազար դրամի չափով կալանք է դրուել, մի հատ ստուգեմ… հա՛, աւտոմեքենայի կալանք է, խախտում եք արել երեւի եւ չէք վճարել, պարոն Տուտագլեան…
– Բայց ես գրեթէ երկու տարի է աւտոմեքենայ չունիմ, առանց ինքնաշարժի ինչպէ՞ս կրնամ խախտում ընել, հաւանաբար սխալմունք է, խնդրեմ մի հատ ստուգեք էլի,- ըսի ես, սովորութեան պէս կէս արեւելահայերէն, կէս արեւմտահայերէն խօսելով։
Պաշտօնեան ակնոցը հանեց, գրասեղանի վրայէն կտոր մը թուղթ վերցուց ու պաստառին նայելով սկսաւ թիւեր գրելու.
– Այստեղ գրել եմ խախտման ակտերի համարները։ 4 խախտում ունեք, պարոն Տուտագլեան, պէտք է գնաք ԴԱՀԿ կամ ճանապարհային ոստիկանութիւն եւ ստուգէք, թէ ինչ խախտումներ են արուել ու չեն վճարուել։ Խնդրեմ չուշացնեք, կարող են ուշացման դէպքում տուգանքները աւելանալ։ Ես աւելին չեմ կարող անել, յաջողողութիւն ձեզ,- ըսաւ բարեացակամ պաշտօնեան եւ իր մօտ կանչեց շարքի մէջ կանգնած յաջորդ յաճախորդը։
Ա՜յ քեզ փորձանք, մտածեցի ես, թուղթի կտորը դրի գրպանս եւ դրամատունէն դուրս գալով, մտահոգ ու բարկացած, յիշեցի հին հայկական իմաստուն առածը՝ «Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ…»։
Այս մասին՝ յաջորդ նամակով։
Րաֆֆի Տուտագլեան