Ալֆորվիլի «Փլաս տը լ՚Էօրոփ»ի վրայ գտնուող եւ ամբողջովին վերաձեւաւորուած զբօսայգիին մէջ, ուր 100-րդ տարելիցի նշումներու ծիրէն ներս՝ Մայիսին արդէն Կապոյտ Խաչի կողմէ տնկուած էր ծառ մը Ցեղասպանութեան զոհ հայ կիներու յիշատակին, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19-ի առաւօտեան ալ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կիսանդրիին պաշտօնական բացումը, հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Արարողութեան կը մասնակցէր Ալֆորվիլի ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս, պաշտօնական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, հայկական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու կողքին: Նախ խօսք առաւ կիսանդրիին հեղինակը՝արձանագործ Արիստակէս Նեվշէհիրլեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս ծրագիրը: Խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ երբեք պէտք չէ մոռնալ անցեալը, բայց նաեւ հարկ է նայիլ դէպի ապագայ:
Ն.Յ.
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի կայքում