Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արամ Ա. Կաթողիկոս հարցազրոյցներ ունեցաւ Զուիցերիոյ չորս կարեւոր թերթերուն հետ. yerakouyn.com

Սեպտեմբեր 22,2015 15:45

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան յաջորդ օրը, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ Զուիցերիոյ գերմանատառ եւ ֆրանսատառ թերթերու՝ Թակէս Անզէյկըր (Tages Anzeiger), Լա Լիպերթէ (La Liberté), Աժանս Րոմանտ Տէ Փրէս (Agence Romande de Presse) եւ Լո Թամբ (Le Temps), թղթակիցներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հարցազրոյցները ներառեցին՝

Ա) Զուիցերիա իր այցելութեան կատարած առնչուած հարցեր: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ ընդառաջելով Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկի հրաւէրին, Զուիցերիա կ’այցելէ յանուն մեր ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնելու, մարդասիրական եւ քաղաքական այն զօրակցութեան համար, որ Զուիցերիոյ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը ցուցաբերած են հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք:

Բ) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուած հարցեր: Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին կարեւորութեամբ շեշտեց ճանաչումէն անդին հատուցման թղթածրարին վրայ կեդրոնանալու հրամայականը: Ան ողջունեց Զուիցերիոյ խորհրդարանի որոշումը եւ յոյս յայտնեց, թէ Զուիցերիոյ ծերակոյտն ու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Գ) Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը դատապարտելով իսլամ ծայրայեղականներու անմարդկային վերաբերմունքը փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս քրիստոնեաներու նկատմամբ, ըսաւ թէ այսօր նոյն ցեղասպանութիւնն է որ կը շարունակուի Միջին Արեւելքէն ներս, վայելելով Թուրքիոյ ուղղակի կամ անուղղակի զօրակցութիւնը: Ան շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յիշեցնելով որ երկար դարերու ընթացքին միաստուածեան կրօններու պատկանող համայնքները ունեցած են խաղաղ համագոյակցութիւն: Այս շրջագիծէն ներս ան ըսաւ, թէ միջազգային համայնքը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայէ Միջին Արեւելքը դիմագրաւող այս չարիքին՝ ծայրայեղականներուն, որ նաեւ չարիք մըն է ամբողջ աշխարհին համար եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենայ յիշեալ հարցին գծով:

Դ) Ընկերութեան կեանքէն ներս եկեղեցիներուն ունեցած դերակատարութիւնը ներկայ աշխարհի տագնապներուն դիմաց: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ եկեղեցին կառոյց կամ վայր չէ, այլ Քրիստոսի կողմէ աշխարհ ղրկուած առաքելութիւն, որուն նպատակն է ընկերութեան կեանքը իմաստաւորել բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով:

 Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com-ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930