Սեպտեմբեր 18-ին Պաքուի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խելագար, հայրենադաւ ոչնչութիւն մը անդրադարձած է սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած տասնեակ հազարաւոր սուրիահայերուն եւ զիրենք որակած յանցագործներ, թմրամոլներ, ահաբեկիչներ։
Թէեւ ընդունուած չէ անդրադառնալ հոգեկան հիւանդներու մտքերուն, քանի որ անոնց յայտարարութիւնները հիւանդ երեւակայութեան արդիւնք են,սակայն մենք՝ սուրիահայերու իրաւունքները ներկայացնող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներս, բոլոր անտեղեակներու համար կը յայտնենք, որ Հայաստան եկած տասնեակ հազարաւոր սուրիահայերը Հայաստան պետութիւնը եւ ժողովուրդը ընդունած են գրկաբաց։
Մեր մէջ չկան յանցագործներ կամ ահաբեկիչներ եւ մենք գործուն մասնակցութիւն կը բերենք Հայաստանի հասարակական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին, մեր ներդրումը կը բերենք մեր Հայրենիքի զարգացման։ Ինչ կը վերաբերի սուրիահայերուն տրամադրուող նիւթական աջակցութեան, ապա անոնք կը փոխանցուին մեր կազմակերպութիւններէն ներս բացուած հաշիւներուն եւ ամբողջութեամբ կը տնօրինուին մեր՝ սուրիահայերուս կողմէն։ ՀՀ կառավարութիւնը, Սփիւռքի եւ միւս նախարարութիւնները սուրիահայերու համար գումարներ կը յատկացնեն բացառապէս պետական պիւտճէի միջոցներէն եւ գումարներ չեն հանգանակեր։
Հազար ափսոս, որ տաղանդաւոր, կարող եւ խելացի հայ ժողովուրդի արգանդէն երբեմն ալ կրնան ծնիլ նաեւ հիւանդ վիժուածքներ։
«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ
«Քեսապ» հայրենակցական միաւորում ՀԿ