Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նշումներու հովանոցը բացուած է յատկապէս հայրենիքի եւ հայկական Այնճարի վրայ: Հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող մուսալեռցիներ իրենց միջավայրերուն մէջ նշելով հանդերձ հերոսամարտի յոբելեանը, ըստ էութեան իրենց հայեացքները կը կեդրոնացնեն հայրենի Մուսա Լեռ գիւղին եւ հայկական Այնճարին վրայ:
Մուսա Լերան եւ Այնճարի յոբելենական ձեռնարկներու շարքը համակարգուած է: Այս պատճառով ալ իր աւանդական թուականէն շաբաթ մը առաջ է, որ Այնճարի մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինը կը տօնակատարէ հերոսական ինքնապաշտպանութեան տօնախմբութիւններու եզրափակիչ փուլը:
Արդարեւ, շուրջ ամիսէ մը ի վեր դասախօսական երեկոներ, մշակութային բնոյթի տարբեր ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, շնորհահանդէսներ, տուն-թանգարանի բացում եւ եկեղեցական արարողութիւններ` կու գան կազմելու ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին հանրագումարը:
Մինչ, այս տարի հայրենի պետական ներգրաւուածութեան տարողութիւնը կը յատկանշէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յոբելեանի իւրօրինակ նշումը:
Հասկնալիօրէն պատմական Մուսա Լերան միակ հայաբնակ գիւղը նոյն հնչեղութեամբ եւ նոյն շեշտադրումներով պիտի չնշէր յոբելեանը, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ազգայնականութեան դրսեւորած վերջին ելոյթներն ու հակազդեցութիւնները նկատի ունենալով: Այսուհանդերձ պատմական Մուսա Լեռ, հայրենի Մուսա լեռ եւ հայկական Այնճար եռախորհուրդ երեւոյթը հետզհետէ համահայկականացուցած էր հայ ազատագրական շարժման ժամանակակից պատմութեան մէկ կարեւոր էջին նշումը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ազդակ»-ի կայքում