«Եռագուն». Կիրակի՝ 13 Սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6.30-ին Սիտնիի «Զէնիթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութեան Քսան Կախաղաններու նահատակութեան 100-ամեակի ոգեկոչումը:
Յոյշ երեկոն կազմակերպուած էր Աւստրալիոյ Շրջանի Վարիչ Մարմնին կողմէ, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Տէր Հայկազուն Սրբ. Եպս. Նաճարեանի:
Օրուան բանախօսն էր Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեանը: Հիւրերու շարքին էին Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿեդրոնականՎարչութեան փոխ ատենապետ` Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան, Կեդր. Վարչութեան անդամ Ընկ. Վազգէն Գալթաքճեան (Միացեալ Նահանգներէն), գաղութին մէջ գործող կուսակցական, մշակութային, եկեղեցական, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ընկեր, ընկերուհիներ:
Բացման խօսքը կատարեց Ընկ. Թորոս Պոյաճեան: Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Քսաններու նահատակութեան 100-ամեակին նուիրուած «Քսաններու Լուսաբացը» տեսերիզը:
Կարդացեք նաև
Որպէս վեթերան նուիրեալ կուսակցականներ, իրենց տարիներու վաստակին համար, Ս.Դ.Հ.Կ. «ՓԱՐԱՄԱԶ»-ի շքանշանովն պարգեւատրուեցան Ընկերուհի Սիրուն Չիլինկիրեան եւ Ընկերներ Վրէժ Մանուկեան եւ Ճոն Տէմիրճեան:
Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբը, որ իր կատարողութեամբ հմայեց ներկաները: Հայրենասիրական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Ընկ. Վարդան Սվազլեան :
Աւստրալիոյ շրջանի խօսքը փոխանցեց շրջանի ատենապետ Ընկ.Վաչէ Թոփուզեան եւ ապա հրաւիրեց օրուան բանախօսը:
Ձեռնարկի աւարտին Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ Պահպանիչով փակեց յոյշ երեկոն: