Անցեալ Շաբաթ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին, բանակի եւ պետական բոլոր կառոյցներուն մասնակցութեամբ իրականացաւ աննախընթաց տարողութեամբ զօրավարժութիւն մը՝ «Շանթ» պայմանական անունով, որ զուգադիպեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ սահմանին վրայ լարուածութեան սաստկացման:
Զօրավարժութեան մանրամասնութեանց վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութիւններէն կարելի է եզրակացնել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն գնահատել ամբողջական պատերազմի մը պարագային պետութեան հնարաւորութիւնները՝ բնակչութիւնը նուազագոյն վնասի ենթարկելու միջոցներու արդիւնաւէտութիւնը:
Սահմանի լարուածութիւնը վստահաբար աւելի լրջութիւն պարտադրեց այս զինավարժութեանց՝ թելադրելով, որ պատերազմը այնքան ալ անհաւանական չէ եւ կրնայ ծագիլ որեւէ պահու:
Սփիւռքի մէջ մենք բաւական հեռու ենք այս մթնոլորտէն, եւ որքա՛ն ալ փորձենք մամուլով փոխանցել թշնամիի՝ այլեւս յաճախակի դարձած յարձակումներուն լուրերը, տակաւին դժուար կ՛ըմբռնենք սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան հոգեվիճակը: Պէտք է նաեւ անդրադառնալ, թէ թշնամիի զինավառութիւնը անհեթեթ կը դարձնէ սահմանամերձ հասկացողութիւնը՝ Հայաստանի ամէնէն հեռաւոր շրջաններն իսկ մատչելի դարձնելով անոր հարուածներուն:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում