Հեռու ենք ու մեր ամէն սահմանափակումներուն հետ այդ հեռաւորութիւնն ալ պատճառ կը դառնայ, որ որոշ հարցեր անհասկնալի մնան մեզի, չկարենանք ըմբռնել որոշ քայլերու կամ որոշ նահանջներու հիմնաւորումները, դրդումները:
Ելեկտրականութեան սակերու բարձրացման դէմ յառաջացած բուռն շարժումը, ժողովրդային եւ յատկապէս երիտասարդական շեշտ ունեցած բողոքի արտայայտութիւնները ինչո՞ւ կանգ առին:
Ինչո՞ւ այս շարժումի երիտասարդ եւ հիանալի հասունութեամբ իրենց քայլերը որոշող ղեկավարները ու անոնց շուրջ հաւաքուածները չկրցան հաշուարկել ցոյցերը դադրեցնելու քայլին ծանր հետեւանքները: Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր բոլոր շարժումներուն ու համախմբումներուն դառն փորձառութիւնները բաւարար դասեր չէ՞ին կրնար ըլլալ երիտասարդ գործիչներուն համար, որ նոյն սխալները, վաստակած վարկ ու հեղինակութիւն փոշիացնելու նոյն ձախող քայլերը չկրկնէին:
Ինչո՞ւ այս նոյն տղաքն ու աղջիկները քաղաքական գործի դաշտ վերադարձի պահը հիմա ընտրեցին:
Ինչո՞ւ պէտք էր նախագահին հետ հանդիպումի պահանջը արծարծուէր, մանաւանդ երբ նախապէս նման հանդիպում մը առաջարկուած էր իրենց:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում