Azbarez.com . Նոյն աղէտն է, որ կը կրկնուի: Այս անգամ սակայն, առանց եւրոպական Եռապետութեան (Միջազգային դրամական հիմնադրամ-IMF, Եւրոպական կեդրոնական դրամատուն եւ ԵՄի ելեւմուտքի նախարարներ) պարտադրանքին: Եւ տակաւին, արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքէն մինչեւ Կարէն Դեմիրջեանի անունով կոչուած Մարզահամերգային համալիրը:
Այս օրերուն, մշակութային արժէքներու ջարդ տեղի կ՛ունենայ համաշխարհային տարողութեամբ: Մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, երբ հայութիւնը, իր պետութեամբ եւ կազմակերպութիւններով, ահազանգ հնչեցուց Ջուղայի խաչքարերու՝ օր ցերեկով կատարուած ջարդին կապակցութեամբ, ինքզինք «քաղաքակիրթ», «ժողովրդավար» ու չես գիտեր ինչ սուտուփուտ ածականներով ներկայացնող Արեւմուտքը նոյնիսկ չուզեց լսել կամ տեսնել: Մեղա՜յ քեզ Տէր, Ատրպէյճանը ինչպէ՞ս նեղացնել… Այս էր Արեւմուտքի լռութեան ենթաթեքսթը:
Ահաւասիկ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Մ. Արեւելքի Արգաւանդ մահիկ կոչուած տարածաշրջանին մէջ (Իրաք եւ Սուրիա), հազարամեակներու հնութիւն ունեցող պատմամշակութային կոթողներ բառացիօրէն կը քանդուին: Վերջին օրինակը կու գայ Սուրիոյ մէջ գտնուող պատմական Փալմիր քաղաքէն: Հոն նոյնիսկ այդ վայրին մէջ գործող երկու հնէաբան մասնագէտներ մորթուեցան (բառացիօրէն): Արեւմտեան մամուլին ու քաղաքական շրջանակներէն ներս, միայն կոկորդիլոսի արցունքներ երեւացին: Շատ չփորփրեցին (տակէն կրնար վատ հոտ դուրս գալ…): Հիմնականին մէջ, այն պարզ պատճառով, որ այդ բարբարոս արարքին հեղինակները նոյն այդ Արեւմուտքին ու անոր տեղական դաշնակիցներուն կողմէ ֆինանսաւորուած տարրերն են: Սա միջազգային ու հանրածանօթ «գաղտնիք» է:
Խորքին մէջ, նիւթապաշտական մտածողութիւնն է չարեաց աղբիւրը: Մտածողութիւն մը, որ կը մերժէ ճանչնալ որեւէ արժէք՝ Դրամէն, հնչուն Դրամէն զատ (չենք ակնարկեր ՀՀ դրամանիշին): Այս մտածողութեան համար անարժէք բաներ են մշակոյթ ու արուեստ, պատմական ժառանգութիւն կամ ազգային ինքնութիւն: Այս հոսանքը ինքզինք կ՛արտայայտէ զանազան ձեւերով, նայած երկիրին ու պայմաններուն: Տեղ մը ականահարելով ու քանդելով (ինչպէս Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանին, Աֆղանիստանի մէջ պուտտաներու արձաններուն կամ Փալմիրի օրինակով), իսկ ուրիշ տեղ մը՝ («բախտաւոր» զգացէք) ձեւախեղելով, խեղաթիւրելով, դրամական շահու աղբիւրի վերածելով ու այդ ձեւով ալ՝ զայն իր պատմական ու հոգեւոր արժէքէն պարպելով:
Կարդացեք նաև
Կ՛ըսուի, թէ ամէն ինչ յարաբերական է: Եթէ այդպէս է, ուրեմն պէտք է փա՞ռք տանք Հայաստանի Հանրապետութեան (1918 – 1920) կառավարութեան շէնքը դրամական եկամուտի սիրոյն վաճառողներուն: Երեւան այցելուները անպայման կը տեսնեն այդ շէնքը, Տիգրան Մեծ եւ Հանրապետութիւն փողոցներուն անկիւնը, որուն պատշգամէն Արամ ուղղեց դիմադրութեան ու կռիւի իր կոչը՝ Սարդարապատի նախօրեակին: Մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ սեփականաշնորհուեցաւ այդ շէնքը, ուր բացուած է փիցայի ճաշարան մը (անճոռնի ցուցանակով մը): Շէնքը անցորդներուն ո՛չ Արամ կը յիշեցնէ, ո՛չ Սարդարապատ, ոչ ալ (բնականաբար) Ազգի գոյատեւման ու պայքարի ոգի: Այլ՝ փիցա (չէ՞ որ ամէն ինչ «յարաբերական է»):
Վաչէ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: