Սահմանադրութեան բարեփոխման նախագիծը արդէն հանրութեան ներկայացուած է, եւ ներկուսակցական ու միջկուսակցական քննարկումները հասած են կարեւոր հանգրուանի մը:
Այս քննարկումներուն, դժբախտաբար, սփիւռքեան ներդրումը սահմանափակ է, բացի, անշուշտ, համազգային կառոյց ունեցող կուսակցութեանց արտասահմանեան շարքերու ներքին քննարկումներէն բխած կարծիքներն ու գնահատումները, որոնք իրենց խողովակներով կը հասնին Երեւան:
Այս կարեւոր, մեր պետականութեան համար հիմնական փաստաթուղթին մէջ սփիւռքահայութեան վերաբերող բաժինն ալ քանի մը պարբերութեանց մէջ կը սահմանափակուի:
Այստեղ կը ներկայացնենք այդ պարբերութիւնները: Անկախ այն իրողութենէն, որ մեզ ինչ իրաւունքներ վերապահուած են թէ՛ այդ փաստաթուղթին եւ թէ այս քննարկման գործընթացին մէջ, ողջունելի պիտի ըլլար այս գծով մեր մտաւորականութեան հրապարակային խորհրդածութիւնը:
Կարդացեք նաև
Ստորեւ՝ Սփիւռքին ուղղակի կամ անուղղակի առնչուող կէտերը.
Յօդուած 18. Հայկական սփիւռքի հետ կապերը
1. Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքի հետ վարում է համակողմանի կապերի զարգացման եւ ամրապնդման հայապահպան քաղաքականութիւն:
2. Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ տուեալ պետութեան հետ կնքուած միջազգային պայմանագրերի հիման վրայ նպաստում է այլ պետութիւններում գտնուող հայկական պատմական եւ մշակութային արժէքների պահպանմանը, հայ կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացմանը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում