Որուն կը հակադրուի՝ բռնազբօսիկ, զօրով, չուզելով մասնակցիլը աշխատանքի մը:
Եթէ աշխատանքը իմաստ մը ունի, նպատակի մը իրագործման ճամբուն վրայ հանգրուան մը նուաճելու կը ծառայէ, ապա այդ աշխատանքին մասնակցութեան մղումը կը ծնի տուեալ նպատակին հանդէպ ունեցած յանձնառութեան ուժէն: Այս պարագային, ոգեւորուելու միակ աղբիւրը նոյն ինքն նպատակն է եւ վասն գաղափարի ու համոզումի՝ յաջողութեան հասնելու մարմաջը:
Դժբախտաբար, սակայն, իրական կեանքի մէջ մեր հետապնդած նպատակները այնքան անհասանելի կը թուին, որ անոնց ներուժը առանձին կը դժուարանայ շարունակապէս ներշնչման աղբիւր դառնալ զինուորագրեալներուն, որոնք հետզհետէ կրնան յուսախաբուիլ, տկարանալ եւ ի վերջոյ՝ իրենք զիրենք մեր հաւաքական կեանքի լուսանցքներուն մղել:
Կրնանք վիճիլ ու մեղադրել այդ տկարացող զինուորեալները՝ հարցականի ենթարկելով անոնց հաւատքի ու համոզումի ուժը, անոնց գաղափարականութեան ամրութիւնը, եւ արդարացնել անոնց հեռացման տուն տուող ազդակները: Կրնա՛նք: Բայց ո՞վ կը շահի այս մարզանքէն:
Որոշ կարգապահութենէ մը կամ աւանդութեան մը հանդէպ ունեցած պատկառանքէ մը դրդուած՝ սրտով ու հոգիով աշխատողներ կրնան շարունակել մեր չորսդին մնալ, սակայն իրենց իւրաքանչիւր շարժումը կրնայ մատնել, թէ բռնազբօսիկ մասնակցութենէ մը աւելին տալու պատրաստ չեն այլեւս:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում
Ի`նչ ասել կ՛ուզեր, չհասկացա.