Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Արդեօ՞ք Թալէպան շարժումը ISIS -ի մէկ թեւը պիտի դառնայ

Օգոստոս 05,2015 15:44

Օր տեւած լռութիւնէ ետք Աֆղանիստանի «Թալէպան շարժում»ը յայտարարեց, իր նոր առաջնորդին նշանակման մասին: Յայտարարութիւնը նաեւ կը յայտնէր, որ շարժումի նախկին ղեկավար Մոլլա Օմար մահացած է: Մոլլա Օմարի սպաննութեան մասին լուրերը շրջանառութեան մէջ դրուեցան Փաքիստանի կառավարութեան կողմէ: Մէկէ աւելի աղբիւրներ այս մասին լուր գրեցին եւ յայտնեցին, որ Մոլլա Օմար մահացած երկու տարի առաջ (Ապրիլ 2013) եւ ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն Թալէպանի նախկին առաջնորդին (53 տարեկան) մահուան պատճառը հիւանդութիւնն էր: Մոլլա Օմարի անունը առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դրուած էր 1996-ին երբ վերջինս խումբ մը համախոհներու հետ կը կազմէր «Թալէպան Աֆաղինստան» կազմակերպութիւնը: Աֆղանիստանի համայնավար կուսակցութեան փլուզումէն ետք երկիրը յայտնուած էր պարապութեան մէջ: Մոլլա Օմար շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կը յաջողէր իր շուրջ համախմբել երկրի բոլոր րատիքալ ուժերը եւ մարտական գործողութիւններ կատարելով հերթաբար գրաւել ՝ Քանտահար, Հալման, Զապէլ եւ Իրաթ աֆղանական քաղաքները իսկ 19966ին Թալէպաններու առաջին ջոկատները կը հասնէին Քապուլ: Այդպիսով Թալէպան յաջողեցաւ իր տիրապետութիւնը տարածել Աֆաղինստանի տարածքներուն առ հարիւրին (Աֆղանիստանի տարածութիւնն է 65.000 Քառ. Քլմ ) Ատկէ ետք է, որ թէժ պայքար կ’ըսկսէր մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակից ուժերուն եւ միւս կողմէ թալէպաններուն միջեւ: Շատ մը վերլուծաբաններ Թալէպան շարժումը կը համարեն «Ալ Քահիտա» շարժումին նախահայրը: Թալէպան շարժումը երկրի լեռնային շրջաններուն մէջ կը յաջողէր զօրանոցներ հաստատել, ուր տարբեր երկիրներէ Իսլամիստ զինեալներ (Փաքիստանէն, Չէչէնիայէն եւ նոյնիսկ Եւրոպական երկիրներ) Աֆղանիստան հասնելով կը պատրաստուէին «սրբազան պատերազմ»ին: Այդ հանգրուանին «սրբազան պատերազմը» ըսուածը կը վերաբերէր ամերիկեան ուժերուն դէմ կռուելուն: Աւելի ուշ Թալէպան անձնասպանական գործողութիւններով «ցաւցնող» հարուածներ կուտար ամերիկեան ուժերուն այնքան մը, որ ԱՄՆ գործող նախագահ Պարաք Օպամայի հիմնական օրակարգերուն մէջ կը մնար Թալէպանի հետ խաղաղութեան բանակցային գործընթաց մը սկսելու անհրաժեշտութիւնը: Բացի ատկէ երկրին մէջ գործող նախագահ Աշրաֆ Ղանի Ահմատի Զայ եւս յոգնութեան նշաններ ցոյց կուտար ու այս խնդրին լուծման հիմնական միջնորդը կը դառնային Փաքիստանի գաղտնի սպասարկութեան մարմինները:

Մոլլա Օմարի մահուան լուրի տարածղումէն ետք Թալէպան շարժումը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշէր որ շարժումին նոր առաջնորդ կարգած է՝ Մոլլա Ախթար Մանսուրը եւ շարժումի փոխ կառավարիչ ընտրած ՝ Սարաժ Ալ Տին Հաքքանին, որ որդին է Թալէպան շարժումի կարեւորագոյն ղեկավարներէն մէկուն ՝ Ժալալ Ալ Տին Հաքքանիին: Թալէպանի «Մաժլէս Շուրա»ին կողմէ կատարուած այս նշանակումը ծանր հարուած կարելի է համարել Քապուլի կառավարութեան տրուած ըլլալով, որ Մոլլա Մանսուր կտրականապէս դէմ է բանակցութեանց սեղան նստելու: Փաքիստանեան ճակատին վրայ երկրի գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչներ մեծ յոյսեր ունէին, որ Թալէպան շարժումի իրենց ընտրելագոյն ներկայացուցիչը ՝ Ապտըլ Ղանի Պարատարը իշխանութեան գլուխ գար: Ապտըլ Ղանի Պարատարի անունը անցնող շաբաթներուն, որպէս շարժման ղեկավարի գլխաւոր թեկնածու շրջանառութեան մէջ դրուած էր: Վերջինս Մոլլա Օմարի կողմէ տարիներ առաջ նշանակուած էր կազմակերպութեան երկրորդ ղեկավարի պաշտօնին համար բայց Փաքիստանի գաղտնի սպասարկութեան մարնիններուն կողմէ Քարաչիի մէջ ձերբակալուելէ ետք որոշ շրջան մը բանտարկուած մնացած էր: Թալէպանի ներկայ առաջնորդին համար գործող իշխանութիւններուն հետ սեղան նստիլը բացառուած է: Ան «վարձկան եւ ամերիկային ծախուած լծակ» կը համարէ Քապուլի իշխանութիւնները:

Իր կուռ կեցուածքներով յայտնի Մոլլա Մանսուր Թալէպան շարժումի վերանորոգման եւ ներքին հարցերու լուծման առընթեր կարեւոր ճիգեր իրականցուցած է եւ շարժումի ընդհանուր ընթացքին ու գործունէութեան հետեւողներուն համար ան արդէն 2010 թուականէն ի վեր կը համարուէր Թալէպանի հիմնական առաջնորդի դեր:

Այս ընդհաուր իրադրութեան մէջ աֆղանցի վերլուծաբան եւ լրագրող Հապիպ Հաքիմի «Շարք Ալ Աուսաթ» թերթին խօսելով նկատել կուտայ, որ Թալէպան շարժումին մէջ տիրող անորոշութեան հետեւանքով չի բացառուիր, որ Թալէպանի 2-րդ եւ 3-րդ սերունդի զինեալներ լքեն իրենց շարժումը եւ միանան ISIS-ն: Աւելին անոնք կրնան հիմնադրել ISIS -ի Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի թեւը: Վերլուծաբանը, որ շատ վտանգաւոր կը համարէ նման քայլ դիտել կուտայ, որ այն զինելաները որոնք կրնան նման քայլի մը դիմել չեն գործակցած Մոլլա Օմարին հետ եւ այդ պատճառով անոնց համար քաղաքական ուղղութիւն փոխելը մեծ խնդիր մը չէ: Հակառակ տիրող մտավախութիւններուն Աֆղանիստանի «Խաղաղութեան խորհուրդ» կուսակցութիւնը ողջունելէ ետք Թալէպանի նոր ղեկավարի նշանակումը յոյս յայտնած է, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ նստիլ բանակցութեան սեղան: Խորհուրդի ղեկավարը Աֆղանիստանի նախկին նախագահ Համիտ Քարզայ նոյնպէս յայտարարութիւն կատարած է ու յայտնած է, թէ պատրաստ է ձեռք երկարել Թալէպանի նոր առաջնորդին:taleban  Best

Այստեղ կարեւոր կը համարեմ նշել, որ Թալէպանի «Մաժլէս Շուրա» ն կամ «Քուէյլայի խորհուրդ» անունով ճանչցուած մարմինը Մոլլա Մանսուրը առաջնորդ ընտրելէ ետք յարմար նկատած է անոր տիտղոսը վերափոխել եւ զինք կոչել «Թալէպանի Էմիր» : Մինչ անցեալ հանգրուաններուն թալէպաններու առաջնորդները կը կոչուէին «Էմիր Ալ Մուըմինին» (հաւատացեալներու իշխան) այսօր անոնց անունը դարձած է «Թալէպանի իշխան»: Այս անուանումին մէջ անգամ դէտեր կարեւոր փոփոխութիւն եւ յարմարեցում կը նկատեն: Շատեր կը հաւատան, որ Թալէպանի համար նոր հանգրուան մը սկիզբ առած է ու այդ հանգրուանը զինեալ գործունէութիւնէն դէպի քաղաքական ներկայութիւն անցումի հանգրուանը կրնայ ըլլալ:

Այս բոլորը ենթադրութեան սահմանները չեն անցնիր որովհետեւ Թալէպան շարժումը համար ամէնօրեայ դրութեամբ զինուորական գրոհներ կը կազմակերպէ եւ կը փորձէ նեղ կացութեան մատնել Քապուլի իշխանութիւնները : Իսկ արագօրէն դէպի քաղաքական դաշտ անցնիլը այլ իմաստով ալ վնասակար կրնայ ըլլալ եւ այդ իրավիճակէն կրնայ մեծապէս օգտուիլ ISIS-ը Աֆղանիստանի մէջ տիրական ներկայութիւն դառնալով:

Աֆղանստանի արեւելքը գտնուող Նանճարհար նահանգը կը համարուի ISIS-ի հիմնական կեդրոնատեղին: Խմբաւորումը այդ շրջանին մէջ կը տիրապետէ վեց քաղաքապետութիւններու եւ հիմնադրած է բազմաթիւ զօրակայաններ ու կրօնական ուսմունքի վարժարաններ:

Այս բոլորէն ետք կարեւոր պիտի ըլլայ Փաքիստանի իշխանութիւններուն մօտեցումը: Փաքիստանի համար անմարսելի է ընդունիլ ISIS-ի զարգացումը շրջանին մէջ: Ու եթէ մինչեւ ներկայ հանգրուանը Թալէպանի մէջ Իսլամապատի ղեկավարները մասամբ ազդեցութիւն ունէին ապա այս րատիքալ նոր ուժին ՝ ISIS-ի երեւումով անոնց դերը պիտի նօսրանայ:Molla Mansour

Աֆղանիստանը տակաւին հեռու է խաղաղութեան գործընթացներէն:Յստակ է սակայն, որ Թալէպան շարժումը, որուն առաջնորդներուն համար դեռ երէկ թիւ մէկ պայքարը ԱՄՆ-ի դէմ կռուիլն էր այսօր խմորումներու նոր հանգրուան մը կը բոլորէ: Այս փոփոխութիւններուն մէջ ISIS կրնայ վճռորոշ եւ շրջանին համար վտանգաաւոր դերով հանդէս գալ: ISIS-ի Վտանգը կրնայ նոյնպէս թափանցել Միջին Ասիա Կովկաս: ISIS -ի Աֆղանիստանի մէջ գետին շահիլը մեծ ծրագիրներու սկիզբը կրնայ ըլլալ: Ու շատ հաւանական է, որ Թալէպան շարժումը նոր դիմագիծ ստանալով ISIS խմբաւորման կարեւոր թեւերէն մէկը դառնայ:

 

Սագօ Արեան

 «Ժամանակ» Պոլիս

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31