Թշուառութեան մէջ շրջապատուած մեծատուն մը եկեղեցի կը կառուցէ եւ Աստուծոյ նոր տան օծումը կը կատարէ՝ ճոխ սեղան բանալով ժողովուրդին: Սեղանի բարիքներուն վրայ թշուառ մարդոց յարձակումը կը խանգարէ դիտողներու աստուածահաճոյ մտորումները՝ հարցականի տակ դնելով այդ պայմաններուն, այդ միջավայրին մէջ եկեղեցւոյ կառուցման նպատակայարմարութիւնը: Եթէ եկեղեցի չկառուցուէր, շինարարութեան գումարները պիտի տրամադրուէ՞ին թշուառութիւնը յաղթահարելու ծրագիրներու: Շինարարութիւնը ինքնին գործի հնարաւորութիւն չէ՞ տուած անոնցմէ ոմաց: Միայն ոմանց… հապա բազում աղքատնե՞րը:
Միւս կողմէ, արդեօք մեծատա՞ն պարտաւորութիւնն է աղքատութեան դէմ պայքարը, թէ՝ երկրի իշխանութեան: Հապա եթէ մեծատունը իր հարստութիւնը դիզած է երկրի իշխանութեան հետ գործարքի մէջ մտնելով, չարաշահելով նոյն այդ աղքատ ժողովուրդը, զանոնք զրկելով իրենց օրինականօրէն հասանելիքներէն, այդ պարագային՝ մեծատան պարտաւորութիւնը ուրիշ չափանիշներով պէտք չէ՞ չափել, պէտք չէ՞ գնահատել:
Նոյն այս մեծատունը կամ մէկ ուրիշը համազգային նշանակութեամբ նպատակներու ալ գումարներ կը յատկացնէ: Դարձեալ դրամի դիզման պայմանները, կամ անոնց մասին մեր պատկերացումները, անոնց մասին մեր ընթերցած բացայայտումները կամ վերագրումները կ՛անհանգստացնեն շատերը։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում