aztagdaily.com. Յառաջիկային Պոլսոյ «Իլեթիսիմ» հրատարակչատունը պիտի հրապարակէ պոլսահայ լրագրող եւ հրապարակագիր Վերժիհան Զիֆլիօղլուի «Արաֆի հայերու պատմութիւնը» գիրքը (Araftaki ermenilerin hikayesi):
Գիրքը կը ներկայացնէ վկայութիւնները այն հայերուն, որոնք մասնակից դարձած են 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն թրքական իշխանութիւններուն դէմ ծաւալած ՔԱԿ-ի (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) զինեալ պայքարին, ինչպէս նաեւ` պատմութիւնները այն հայերուն, որոնց նախահայրերը Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն դաւանափոխ դառնալով` իսլամացած են: Գիրքը կ՛անդրադառնայ նաեւ այն թուրքերուն, որոնք Մեծ եղեռնի օրերուն փրկած են հայեր:
Վերժիհան Զիֆլիօղլու այս գիրքին վրայ աշխատած է 12 տարի: