Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն կ’իմանանք, որ Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին Լիբանան պիտի այցելէ եւ մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուելիք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Պատրիարքի տեղապահին այս հանգրուանին Անթիլիաս այցելելու հանգամանքը մէկէ աւելի առումներով կարեւոր այցելութիւն կը համարուի: Գաղտիք չէ, որ Անթիլիասի կողմէ Սսոյ պատմական աթոռի հողատարածքին վերատիրանալու հետ կապուած եւ սահմանադրական դատարանին մօտ թուրք իշխանութիւններուն դէմ բացուած դատը , որոշ անհանգստութիւն պատճառած է Պոլսոյ աթոռին մօտ: Այդ անհանգստութեան մասին Արամ Սրբազան խօսած է տարբեր առիթներով, յայտնելով նաեւ, որ Սսոյ վանքին կամ այլ եկեղեցիներու ընդհանուր իրաւասութեան կամ պահանջք ունենալու հիմնահարցը կը պատկանի միայն Պոլսոյ աթոռին: Անթիլիաս այս խնդրով կը պահէ իր լռութիւնը հակառակ անոր, որ Կիլիկեան աթոռը խնդրին կը մօտենայ, որպէս ամբողջական իրաւասութիւն ունեցող իրաւատէր կողմ: Այս ընդհանուր տեսարանին մէջ արդեօ՞ք հայոց եկեղեցւոյ երկու սպասաւորները , որոշ հասկացողութեան մը պիտի յանգին: Կամ թէ խելացի քայլով մը անոնք պիտի կարենա՞ն դերերու անկեղծ եւ յաջող բաշխում կատարել: Թուրքիոյ մէջ ընթացող գործընաթցներու լոյսին տակ հայութեան մօտ այս օրակարգը առաջին քննութիւն ըլլալու բոլոր տուեալները ունի: Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ Արամ Սրբազան մօտիկ յառաջիկային կրնայ, որպէս Պատրիարքի հաւանական թեկնածու բաւական բարդ համարուած ընտրութիւններու պայքարին մէջ մտնել:Ան ունի թուրք իշխանութիւններուն նեցուկը , ու իր Անթիլիաս այցը կը կարեւորուի նաեւ, անով, որ Պատրիարաքական տեղապահը կրնայ որոշ «թելադրանքներ» տալ Արամ Ա. Վեհափառին:
Կը մնայ հարցադրումը, արդեօ՞ք Արամ Վեհափառ Պոլսոյ աթոռի գերագոյն պետը պիտի ընդունի սովորական հիւրերու շարքին կամ զինք պիտի արժանացնէ յատուկ վերաբերմունքի:
Մէկ խօսքով երկու հոգեւոր պատասխանատուներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումը պատմական ըլլալու բոլոր հանգամանքները ունի, մանաւանդ , որ վերջին հանգրուանի փոփոխութիւններէն ետք պատմական Պոլիսն ու Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք ծնունդ առած պատմական Սիսի աթոռը պիտի խօսին իրար հետ:
Անոնք պիտի խօսին Անթիլիասի մէջ:
Սփիւռքի հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ:
Սագօ Արեան