Պարաք Օպամա Թեհրանի մէջ: Խորագիրը երեւակայական ժանրի չէ, ու սպասելի է, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը Իրան այցելէ հանդիպելու «բարենորոգչական» համարուած նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանիին հետ:
Մեր յիշողութեան մէջ թարմ է Օպամայի նախաձեռնութեամբ կայացած Օպամա- Ռուհանի հեռախօսազրոյցը: Օպամա կարծրատիպերու դէմ պայքարող առաջատար նախագահ դարձաւ ու յաջողեցաւ փլել երկու երկիրներուն միջեւ առկայ «պատ»ը: Ճիշդ է ան մասմբ ձախողեցաւ Իրաքի մէջ բայց եւ այնպէս մեծ քարեր գլտորելով դրական արդիւնքներ ձեռք ձգեց Գուպայի, Քապուլի եւ հիմա Իրանի մէջ:
Ու այս բոլորէն անդին անկանխատեսելի չէ անոր Թեհրան տալիք այցելութիւնը, որ կրնայ նախապատրաստել դէպի Մոսկուա շատ հաւանական «մնաք բարով»ի այց մը:
Օպամա 2017-ին պիտի լքէ Սպիտակ Տունը եւ անոր Սուրիոյ ու Իրաքի վերաբերեալ ունեցած ծրագիրները մատնուած է սառեցման: Ան պիտի խնդրէ Թեհրանի զօրակցութիւնը լուծելու համար յատկապէս Սուրիոյ խնդիրը կամ պիտի փորձէ նախապատրասել ճանապարհային այնպիսի քարտէզ մը, որուն ծրագրով կարելի պիտի ըլլայ ի նպաստ տէմոքրաթականներուն լեցընել ամերիկայի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան քուէասնտուկները:
Կարդացեք նաև
Զարմանալի չէ երբեք խորագիրը, որ ենթադրութիւնէ անդին երթալով կրնայ դառնալ իրականութիւն: Պարաք Օպամա Թեհրանի մէ՞ջ:
Սագօ Արեան