Օրեր առաջ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ խումբ մը Մելգոնեանցիներու խմբագրած բաց նամակը ուղղուած ՀՀ նախագահին: Անցնող տարիներուն մէկէ աւելի առիթներով խօսուած է նախկին Մելգոնեանցիներու համախմբման մասին: Անոնք ունին մէկ պահանջ, որն է անյապաղ վերաբանալ «Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» հովանիին ներքեւ երկար տարիներ գործած Կիպրոսի «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն»ը:
Մելգոնեանի մասին շատ առիթներով տարբեր վարկածներ առաջ քաշուած են:
Մեղադրանքներ, մարմիններու միջեւ սուր քննադատութիւններ եւ ծանր պախարակումներ յատկապէս «Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» պատասխանատուներուն հասցէին: Թէ ո՞վ է մեղաւորը եւ ի՞նչու փակուեցաւ «Մելգոնեան» կրթարանը մինչեւ այս պահը կը մնայ անյայտ: Վարժարանի փակումէն ամիսներ ետք միայն, տարբեր ամպիոններէ խօսուեցաւ դպրոցի շէնքի վաճառքի հանուելուն մասին: Բայց այդ մասին եղած տեղեկութիւնները մնացին գիր՝ թուղթի վրայ: Գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր Նիկոսիոյ բաբախուն սրտին վրայ գտնուող կրթարանի պատմակերտ շէնքը կը պահպանուի Կիպրոսի պետութեան որոշումով:
Դժուար է նաեւ Մելգոնեանի այսօրուան վիճակին մասին յստակ տեղեկութիւններ ունենալ, տրուած ըլլալով, որ Կիպրահայ մեր հայրենակիցները կը նախընտրեն լուր մնալ երբ դպրոցին մասին տարբեր առիթներով հարց կը բարձրացուի: Կարելի է երկար գրել դպրոցին մասին: Սակայն այդ բլորը, ոչ մէկ բան կը փոխեն ընդհանուր իրավիճակէն: Ուշադրութիւնս գրաւեց այն հանգամանքը, որ Մելգոնեանցիները իրենց բոլոր յոյսերը սպառելէ ետք այս անգամ բաց գիրով մը դիմած են Սերժ Սարգսեանին:
Կարդացեք նաև
Անոնց համար սփիւռքի մէջ կեդրոնական, որոշիչ, կամք ունեցող եւ որոշում պարտադրող կառոյցները կարծէք չկան: Ճարահատեալ այս մարդիկը իրաւունքի տէր են: Անոնք կը խօսին մեր ժողովուրդին համար հիմնարար արժէքի մը ՝ հայ դպրոցին մասին: Դպրոց, որ կարողականութիւնը ունի սերունդներ պատրաստելու: Դպրոց, որ ոգեղէն ամրոց ըլլալու բոլոր նախադրեալները ունի:
Ճշմարտացի է, որ սփիւռքի տարբեր անկիւններուն այսօր հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ լարուածութիւն չկայ: Չկայ նոյնիսկ տարակարծութիւն եւ բոլորը հասկցած են, որ սփիւռքի հայութիւնը կ’ապրի իր ծանր օրերը:
Միջին արեւելքի պատերազմները մէկ կողմէ եւ միւս կողմէ ամերիկեան հայագաութներուն ուծացումը կը հարուածեն սփիւռքի ոգին ամենուրէք:
Բացի ասկէ, խնդրագիր նամակ շարադրողները կարեւոր համարած են յիշել Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով անտունի դարձած հայ պատանիները, որոնք այսօր կարիքն ունին ու ծարաւ են ուսման:
Գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր արեւմտահայերէնը կը գտնուի դժուարին օրերու մէջ: Հոս է, որ սփիւռքի տարբեր հատուածները իրենց ըսելիքը պէտք է ունենան:
Անոնք պէտք է որոշեն ինչն է սփիւռքի ուզածը այսօր:
Ցեղասպանութեան օրակարգը եւ նահատակներու յիշատակը յարգելու գործընթացները անիմաստ կը դառնան եթէ օր մը, սփիւռքի մէջ հայերէն խօսող եւ արեւմտահայերէնի զարկ տուող սերունդները չգանան:
Այսօր այդ տագնապը կ’ապրին Սուրիահայերու մատղաշ սերունդները, որոնք պատերազմի պատճառով տեղափոխուած են Հայաստան:
Անոնք, որոնք կոչուած էին արեւմտահայերէնը պահպանելու նոյնպէս Հայաստանի մէջ ամէն օր կը տարրալուծուին ու բնական ընթացքով մը կը մոռնան արեւմտահայոց հիմնական գանձը ՝ լեզուն:
Ի՞նչ ընել, ի՞նչպէս շարժիլ եւ ի՞նչ միջոցներով փրկել Մելգոնեանը:
Մեղադրանքները արդէն տարիներէ ի վեր մեզ հասցուցած են փակ պատերու դիմաց:
Ո՞վ պիտի լուծէ Մելգոնեանի հիմնախնդիրը:
Եւ ո՞վ պիտի գիտակցի, որ սփիւռքի մէջ մենք այսօր կարիքն ունինք վարժարաններու:
Այս երգը մեր նահանջի վերջին երգն է:
Մեզ չեն փրկեր մշակոյթի բոլոր դեղատոմսերը, ո՛չ երգը, ո՛չ պարը, ո՛չ բանաստեղծութիւնը, ո,չ կտաւը եւ ո՛չ հազարաւոր մարդոցմով եղած քայլարշաւներն ու հանդիսութիւնները:
Մենք կարիքն ունինք ազգային բարձր ոգեղէնով գործող եւ ազգի բոլոր հատուածներուն համար տուն եւ կամար եղող դպրոցներու:
Այդ դպրոցներուն առաջինը գուցէ «Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն» ն է, որուն դռները փակ են այսօր եւ որ կը սպասէ իր աշխարհով մէկ սփռուած որդիներուն:
Կը մնայ հարցումը, արդեօ՞ք Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի անսան այս կոթողական դպրոցի բացման աղերսներուն:
Եւ արդեօ՞ք մեր սրտերուն մէջ վէրք դարձած Մելգոնեանի քայլերգը պիտի լսուի Կիպրոսի սիրտէն:
Սագօ ԱՐԵԱՆ
(Մելգոնեան վարժարանի նախկին ուսուցիչ)