Ժողովրդային քուէարկութիւնը հաւանաբար ամէնէն ժողովրդավար ձեւն է զօրակցութիւն կամ անվստահութիւն յայտնող:
Ցոյց մը կը կազմակերպուի, հաւաք մը կը նախաձեռնուի, եթէ ձեռնարկը ժողովուրդի սիրտին չի խօսիր, եթէ նպատակը, որոշուած վայրը, ընտրուած օրն ու ժամը, քարոզչութեան համոզիչ ըլլալը կամ չըլլալը, կազմակերպողներու յաչս ժողովուրդին ունեցած, շահած կամ կորսնցուցած վարկը, այս բոլորը որոշիչ ազդեցութիւն կ՛ունենան ծրագրուած ձեռնարկի յաջողութեան կամ ձախողութեան վրայ:
Ժողովուրդը այսպիսի պարագաներու իր ներկայութեամբ կը յայտնէ իր դիրքորոշումը, կու տայ կամ կը զլանայ իր քուէն:
Հետաքրքական է, օրինակ, որ ինչո՞ւ այս օրերուն Ազատութիւն հրապարակին վրայ «Ոչ թալանին» նախաձեռնած ցոյցը շարունակողները անկարող կը մնան բազմութիւնները հրապուրելու: Շարունակողներուն հանդէպ ինչո՞ւ թերահաւատ է ժողովուրդը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում