Հանրային կարծիքը այսօր կը պարտադրէ բոլոր հասարակական կառոյցներուն աւելի թափանցիկ դարձնել իրենց գործունէութիւնը, աւելի մանրամասնօրէն ու աւելի հրապարակային ներկայացնել իրենց բարոյական եւ նիւթական զեկուցումները:
Անշուշտ, կարելի է անտեսել այս կարծիքը եւ շարունակել աշխատիլ այնպէս, ինչպէս վարժուած ենք, այնպէս, ինչպէս աւանդաբար նաեւ վարժեցուցած ենք մեր անդամներուն, մեր շրջապատին: Այդ կը նշանակէ, որ մեզի համար կարեւոր չէ լայն հանրութիւնը, կարեւոր չէ աւելի մեծ զանգուածի ընդգրկումը մեր գործունէութեան, մեր ազգային կառոյցներուն մէջ:
Բայց այդպէս չէ: Իւրաքանչիւր միութիւն, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն ճիգ չի խնայեր, որ ստուարացնէ իր շարքերը: Առնուազն երեւութապէս այդպէս կը յայտարարէ՝ իր անդամներուն եւ հանրութեան առջեւ: Այո, կան կազմակերպական միաւորներ, որոնց պատասխանատուները, հաւանաբար իրենց անփոխարինելիութիւնը երաշխաւորելու համար, գրեթէ փակ կը պահեն իրենց մուտքի դռները: Այդ տեսակի միութիւնները ժամանակի քննութեան չեն դիմանար, կը հիւծին ու կը լուծարուին:
Միութիւններու մեծագոյն մասը հետաքրքրուած է նոր անդամներ ներգրաւելով, բայց կը բաւականանայ իր կազմակերպած ձեռնարկներու մամուլով քարոզչութեամբ, երբեմն դիմելով նաեւ համացանցի ընձեռած տեղեկատուական բեմերուն, դիմատետրին, կայքէջին, եւ այլն: Այդ քարոզչութիւնը օգտակար ըլլալով՝ այլեւս բաւարար չի կրնար նկատուիլ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում