Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Յորդանանեան սահմանին մերձ եղող Տարհա քաղաքը (պատմականօրէն Սուրիական Հորան գաւառը) դարձաւ ընդդիմադիր բոլոր ճակատներուն բոյներէն մէկը: Տարհայի մէջ է Սուրիոյ վարչակարգին դէմ եղած ամէնէն բուռն բողոքի ցոյցերը սկիզբ առին:Հոն էր նաեւ, որ Սուրիոյ վարչակարգը կրակ բացաւ անզէն ընդդիմադիրներուն դէմ այդպիսով նախապատրաստելով յաջորդ հանգրուանները եւ անզէն ցուցարարները վերածուեցան զինեալ խմբաւորումներու ու ապա «Ազատ բանակ»ի չափաւորական ջոկատները վերափոխուեցան տարբեր մօտեցումներով կռուող իսլամիստ ու յաճախ ծայրայեղական ու ահաբեկչական խմբաւորումներու: Այսօր Տարհան ընդդիմութեան համար դարձեալ դարձած է թիրախ: Վերջին տեղեկութեանց համաձայն ընդդիմադիր ճակատները Տարհան գրաւելու համար իրենց նախաձեռնած գրոհը սկսած են եօթը ճակատներէ: Անոնք ունին հիմնական մէկ նպատակ հեռացնել վարչակարգի բանակային ուժերը այդ շրջանէն: Եթէ « Հարաւի փոթորիկ»ը յաջողի ( ընդդիմութիւնը Տարհան գրաւելու իրենց գործողութիւնը այդպէս կոչած են) ապա Ասատեան բանակը կը կորսնցնէ իր վերջին կայքը՝ Սուրիա- Յորդանան սահմանային հատուածին վրայ: Չափաւորական համարուած իսլամիստ գրոհայինները նաեւ նպատակ դրած են նաեւ փակել մայրաքաղաք Դամասկոսէն մինչեւ Տարհա հասնող օժանդակութիւններու միակ ճամբան: Այդպէսով անոնք նաեւ կտրած պիտի ըլլան Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն դէմ առկայ Ասատեան բանակի հրանօթային ճնշումի բոլոր միջոցները: Եթէ նախատեսուած գործողութիւնները յաջողին ընդդիմութեան առաջնային գիծերը պիտի դառնան Ղութա եւ Ալ Սանամէյն անունը կրող շրջանները: Ատկէ ետք ընդդիմութիւնը իր աչքերը բնականաբար պիտի ուղղէ դէպի Ալ Սարու անունը կրող զօրակայան, որ շրջանին մէջ մեծագոյնը կը համարուի: Ընդդիմութեան համար շատ թանկ, կարեւոր եւ անյետաձգելի է մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ որեւէ մագլցում կամ յառաջխաղացք: Մեր մտքերուն մէջ է նաեւ, որ Ասատեան բանակը ինչ ծանր միջոցներու դիմեց «մաքրելու» համար Դամասկոսի շրջակայքը գտնուող գիւղական հատուածները ՝ ինչպիսին են արեւելեան եւ արեւմտեան Ղութաները եւ Ալ Քապուն աւանը: Այս բոլորէն զատ ընդդիմադիր ջոկատներ հակառակ անոր, որ իրենց անունները փոխեցին բայց չզիջեցան Դամասկոսը իրենց համար ամենակարեւոր թիրախը համարելէ: Տարհա Ալ Մահաթա անունը կրող շրջանին մէջ եւս ծանր բախումներ կը գրանցուին: Կը հաղորդուի, որ ընդդիմադիր ջոկատներ յաջողած են իրենց ձեռքը վերցնել Տարհա Ալ Մահաթա շրջանի «Ամն Սիասի»ի ( վարչակարգի գաղտնի սպասարկութիւնը) գլխաւոր կեդրոնը: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ իսլամիստ տարբեր ջոկատներ այսօր «վերընձիւղուած» են սուրիոյ չափաւորական «Ազատ բանակ»ի վերակազմեալ ուժերուն մէջ: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ «Ազատ բանակ»ը կարեւոր օժանդակութըւններ կը ստանայ ոչ միայն Րիատէն այլ նաեւ ամերիկացիներէն:
Այլ գետնի ISIS ահաբեկչական խմբաւորումը իր «շոքային» վիճակէն դուրս գալու նպատակով կը բանայ Հասաքէյի ճակատը: Աւելին ականուած ինքնաշարժներ օգտագործելով կը ճեղքէ քրտական պաշտպանական ջոկատներու անցքերը եւ կը գրաւէ Հասաքէյի
Հայ Ալ Նաշուա եւ Ալ Շարիհա անունը կրող թաղամասները: Լրատուական աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ մինչ այդ շրջանին մէջ գտնուող Ասատեան բանակի զինուորներ կը հեռանան շրջանէն: Բացորոշ է, որ ISIS կ’ուզէ Քոպանիի եւ Թալ Ապեատի մէջ իր կրած պարտութիւններուն վրէժը լուծել: Կան լուրեր, որ
ISIS ահաբեկչական խմբաւորումը սպանդներ գործած է Քոպանիի դռներուն գտնուող Պարխ Պութան շրջանին մէջ: Մեծամասնութեամբ քիւրտ զոհերուն թիւը կ’անցնի 150-ը եւ զոհերուն մէջ կան մեծ թիւով տարեցներ եւ երեխաներ: ISIS Այս ընթացքով կը փորձէ ամէն գնով բարձրացնել իր զինեալներու տրամդրութիւնը: Ու Իրաքի մէջ անոր գրանցած ժամանակաւոր «յաղթանակներ»էն ետք այս անգամ Սուրիոյ մէջ եւս կ’ամրապնդէ իր դիրքերը: ISIS-ի համար անոր զինեալներուն իր սեւ դրօշին տակ մնալն ու դասալքութեան չդիմելը կը համարուը յաղթանակ: Եւ անոր «Տապէք» անունը կրող ելեքդրոնային ամսագրին մէջ խմբաւորման մէկ բանբերը կը գրէ ՝«մեր յաղթանակը այս ծանր պայմաններու տակ գոյատեւելն է: Աշխարհը մեր դէմ կը կռուի սակայն մենք կանգուն ենք եւ ուժեշ»: ISIS-քրտական ջոկատներ կռիւը կրնայ երկարիլ: Թուրքիոյ քիւրտ հատուածները (յատկապէս HDP) մինչ կը քննադատեն Թուրքիոյ իշխանութիւնները անոնց ISIS-ին ցուցաբերած երեւելի նեցուկին համար, անդին Իրաքի քիւրտիստանի պատասխանատուները կը նախընտրեն լռութիւն պահել: ISIS Լաւ գիտէ, որ քիւրտիստանի սահմանները կարմիր գիծ են ամերիկացիներուն համար, որոնք այսօր ամէն գնով ոչ միայն կը սիրաշահին այդ շրջանի քիւրտ ղեկավարները այլ բոլոր միջոցներով նեցուկ կը կանգնին Բէշմարքային ու քրտական միւս ջոկատներուն: Այս իրավիճակին մէջ ծանր վնաս կը կրէ Թալ Ապեատի եւ Ռաքքայի մօտ գտնուող Սիւննի եւ Թուրքմէն բնակչութիւնը, որոնց կարեւոր մէկ մասը արդէն գաղթելով հասած է Թուրքիա: Թէ ինչի կրնայ յանգիլ ISIS – քրտական բախումները տակաւին պարզ չէ: Պարզ է միայն, որ ISIS-ի դերը տակաւին չէ աւարտած եւ զարմանալի չէ, եթէ խմբաւորումը ինքնակոչ կամ արտաքին մղումներով իր համար նոր քարտէզներ «գծէ» ու նոր ճակատումներու երթայ:
Կարդացեք նաև
Քաղաքական գետնի վրայ Սուրիոյ տագնապին ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրա, ոչ միայն անգործութեան մատնուած է այլ ցնցուած: Անոր կեցուածքներուն մասին գրած է «Ալ Հայաթ» օրաթերլը եւ յայտնած, որ Տէ Միսթուրա «շոքային» վիճակ մը ունի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումին լոյսին տակ: Յստակ չէ, թէ ինչ խօսակցութիւն եղած է երկու կողմերուն միջեւ: Պարզ է մէկ բան, որ Ասատ խօսած է անզիչողութեան թոնով մը եւ վստահեցուցած, որ ինք կը հաւատայ իր բանակին յառաջիկայ զինուորական գործողութիւններուն յաջողութեան: Մէկ խօսքով Ասատի համար տակաւին զիջելու երկար ժամանակ մը գոյութիւն ունի մանաւանդ, որ ոչ Իրան եւ ոչ ալ Ռուսիա որոշ ժամկէտներու մասին կը խօսին: Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութինն օրինակ ընդունելէ ետք Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդ փոխ գահաժառանգը, հանդիպումէն միայն ժամեր ետք յայտարարած է,թէ իրենց համար Ասատը այլընտրանք չունի: Մոսկուա իր դռները բաց ձգած է: Սուրիոյ տագնապին առընթեր ան պատրաստ է ընդունիլ ամէնէն րատիքալները սակայն անոր կեցուածքները կը մնան անզիջող: Կարեւոր է նաեւ Իրանի դերը: Արդեօ՞ք Իրան պատրաստ է Ասատը իր սակարկութիւններուն հերթական զոհը դարձնել: Կամ եթէ պատահի այդպիսի բան, ինչ գինով պիտի ըլլան այս բոլորը, յատկապէս որ քիչ չեն Սուրիան բաժանումներու ենթարկելու մասին խօսողները:
Սագօ Արեան