Յունիս 19ին եւ յաջորդող օրերու մեր խանդավառութիւնը պահելու դժուարութիւնը կը դիմագրաւենք: Յուսխաբուելու, անգամ մը եւս թեւաթափ ըլլալու եւ հետեւաբար ճակատագրապաշտօրէն փտածութեան դէմ պայքարը մինչեւ վերջ տանելու անկարելիութիւնը ընդունելու հոգեվիճակին կրնանք յանձնուիլ:
Բաղրամեանի վրայ ժողովուրդի թիւի նոսրացումը, ցոյցը նախաձեռնողներու անհասկնալի խզումը ժողովուրդէն, նոր մարտավարութիւն մշակելու համար «թայմ-աութ» յայտարարելու աճապարանքը, վստահաբար իրենց բացասական հետեւանքները պիտի ունենան քաղաքացիական շարժումի զարգացման վրայ:
Չարախնդացողներ պիտի ըլլան, անշուշտ, այս պատկերին առջեւ: Պայքարի անպտղութեան մասին մարգարէացողները, որոնք անպայման հակադրուողներ չէին Բաղրամեանի ալիքին, պիտի հպարտանան իրենց վերլուծութեան «ճշմարտութեամբ»:
Նոյնիսկ չարախնդացողներն ու բարձունքներէն շարժումին նայողները չեն կրնար չխոստովանիլ իրենց յարգանքը այս երիտասարդներու ոգիին, անոնց առողջ մտադրութեան, անոնց տագնապին հանդէպ խորութեան, անոնց հայրենասիրութեան ու քաղաքացիական գիտակից դիրքորոշումներուն:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում