Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ամերիկայի եւ Կանադայի ռամկավարները մտահոգ են

Հունիս 29,2015 21:06

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի արեւելեան շրջանային վարչութեան կոչ-յայտարարութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Արեւելեան Շրջանային վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի շաբաթէ մը ի վեր Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս եւ յատկապէս Բաղրամեան պողոտայի շուրջ ստեղծուած ժողովրդային շարունակական ցոյցերով ստեղծուած լուրջ կացութեան, եւ ներկայ կոչով կը դիմէ բոլորին, Հայաստանի իշխանութեան եւ բողոքող հասարակութեան՝ դիւրացնելու համապատասխան պայմաններու ստեղծումը, որպէսզի ճամբայ բացուի դէպի երկխօսութիւն եւ իրատես լուծումներու որոնում: Դուրսէն դիտողի մեր սփիւռքեան դիրքերէն մենք մեզ իրաւասու չենք սեպեր յատուկ լուծումներ առաջարկելու: Սակայն յայտնի է, թէ այսօրուան այս վիճակը հետեւանքն է տնտեսական եւ քաղաքական տարբեր խնդիրներու, ժամանակի ընթացքին անլոյծ մնացած հարցերու, բնակչութեան մէջ կուտակուած մէկէ աւելի դժգոհութեանց: Անհրաժեշտ կը նկատենք, որ իշխանութիւնները ամէն ջանք կատարեն այդպիսի հարցերու կապակցութեամբ վստահութիւն ներշնչող բարեկարգման քայլերը շտապեցնելու եւ զանոնք իրականացնելու: Նոյնպէս կոչ կ’ուղղենք բողոքող զանգուածին չկարծրացնել իր կեցուածքը ընտրութեամբ իշխանութեան դիրքի վրայ գտնուող համակարգին նկատմամբ, որպէսզի դէպի լուծում առաջնորդող ճանապարհները երկուստեք մնան բաց՝ դէպի իսկական բարօրութիւն մեր հայրենիքին: Բոլոր պարագաներու տակ, խստիւ դատապարտելի կը նկատենք որեւէ տեսակի բիրտ ուժի եւ միջոցառումներու գործածութիւնը: 2 Ի վերջոյ, Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի փառահեղ նշումներէն ետք եւ ընթացքին, երբ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ապահովեցին բացառաբար համաշխարհային դրական դիրք մը, այսօրուան տագնապալի երեւոյթները ծանրօրէն կը վնասեն դժուարութեամբ վաստկուած այդ դիրքին: Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը պարտին ամէն ջանք կատարել, որպէսզի դէպի բարեկարգում ճամբաները գործածուին եւ մնան բաց, եւ միւս կողմէ՝ որպէսզի մեր թշնամիները չօգտուին մեր իսկ ձեռքերով ստեղծուած ազգային դիմադրականութեան տկարացումէն:

ՌԱԿ Ամերիկայի եւ Գանատայի Արեւելեան Շրջանային Վարչութիւն Պոստոն, 28 Յունիս 2015

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930