Բաղրամեանի վրայ հաւաքուած ցուցարարներու պահանջը այս հանգրուանին ելեկտրականութեան սակի թանկացման որոշման կասեցումն է: Ուրիշ ոչինչ:
Կարգապահ, զսպուած, ոստիկանութեան հանդէպ յարգալիր, սադրանքները կանխելու նախանձախնդիր եւ՝ վճռական:
Յաղթանակը ելեկտրականութեան սակը թանկացնելու որոշման «չեղարկումը» իրականացնելով պիտի նշանաւորուի:
Յետո՞յ:
Այս յետոյի ճշգրտման քննարկումը անցեալին պատճառ դարձած է, որ քաղաքական ուժերու կողմէ ղեկավարուած հակաիշխանական շարժումները պառակտուին ու ձախողին:
Կարդացեք նաև
«Ոչ թալանին» նախաձեռնող խումբը այս յետոյի հարցը իմաստուն շրջահայեցութեամբ կը յետաձգէ «յետոյ»ի: Հիմա մենք պիտի կեդրոնացնենք մեր պայքարը այս հարցը լուծելուն վրայ. ոչ մէկ վէճ, ոչ մէկ քննարկում յետագայ գործողութիւններու վերաբերեալ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում