Այլեւս խորհրդային բարքերէն ամբողջովին ազատագրուած՝ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ազատ քաղաքացիներու սերունդ ունինք:
Սերունդ, որ իր վարքով, պատասխանատուութեան իր գիտակցութեամբ, իր ողջախոհութեամբ, իր շրջահայեցութեամբ, բայց եւ իր պայծառատեսութեամբ յոյս կը ներշնչէ բոլորիս, ամէնէն առաջ՝ յուսահատութեան դուռը հասած հայրենի ժողովուրդին:
Այս սերունդը կազմուած է սահման պաշտպանած, բանակ ծառայած երիտասարդներով, որուն հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ կարելի չէ առնել, որուն հայրենի հողին փառած մնալու վճռականութիւնը անքննելի է:
Այս սերունդը անկաշկանդ է եւ պատրաստ՝ դիմակայելու իշխանական ամէն տեսակի լծակներու ճնշումները:
Կարդացեք նաև
Այս սերունդը որոշած է տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն եւ պատրաստ է անզիջող պայքար տանելու այդ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:
Այս սերունդը իր առողջ բնազդով կը ղեկավարուի, բացառելով սխալները, բացառելով միջամտութիւնները, ձախողեցնելով մութ թէ յայտնի ուժերու սադրանքները:
Այս սերունդը լաւ սերտած է անկախութեան շրջանի քաղաքական պատմութիւնը եւ խորապէս հասկցած համակարգային իշխանափոխութիւնը ձախողեցնող բոլոր խաղերը, հնարամտութիւնները, հասարակական գործիչներ վարկաբելելու, ահաբեկելու, նսեմացնելու իշխանական արհեստագիտութուինը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում