Մօտէն հետեւելով վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ու ականատես ըլլալով ընկերային արդար պահանջներով հրապարակ իջած խաղաղ ցուցարարներու դէմª Յունիս 23-ի առաւօտեան գործադրուած բռնարարքներուն, կու գանք խստօրեն դատապարտելու իշխանութիւններուն կողմէ ֆիզիքական ուժի կիրառումըª Ելեքտրական հոսանքի բարձրացման դէմ բողոքի նստացոյցի մասնակիցներուն նկատմամբ:
Ժողովուրդի ընկերային ծանր վիճակը մեղմելու փոխարէն, Հայաստանի կառավարութիւնը կը դիմէ նորանոր քայլերու, կեղեքելով իր իսկ քաղաքացիները, զանոնք դնելով տնտեսապէս առաւել ծանր վիճակներու մէջ ու երիտասարդութիւնը մղելով արտագաղթի, որ այսօր դարձած է մեր հայրենիքի գոյութեան սպառնացող մեծագոյն աղէտը:
Այս առթիւ կը պահանջենք Հայաստանի իշխանութիւններէնª
Ա.- Անյապաղ ազատ արձակել բոլոր ձերբակալուած երիտասարդները ու ձեռնպահ մնալ անոնց նկատմամբ դատական գործընթացներէն.
Կարդացեք նաև
Բ. Անմիջապէս ընթացք տալ ժողովուրդի արդար պահանջներուն, առաջին հերթին չեղեալ յայտարարելով ելելքտրականութեան սակագիներու բարձրացման որոշումը:
Գ.- Անմիջական քայլեր ձեռնարկել ժողովուրդի տնտեսական ու ընկերային վիճակը բարելաւելու ուղղութեամբ.
Ամերիկահայութիւնը մտահոգ է Հայրենիքի ապագայով ու իշխանութիւններէն կ°ակնկալէ գործնական քայլերª իր շարունակական սխալները սրբագրելու ուղղութեամբ:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Յունիս 23, 2015
Լոս Անճելըս