Ինչպէ՞ս կրնանք մեր կարողականութեան ամբողջական դրսեւորման հասնիլ:
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր համայնքի հզօրութիւնը բազմապատկել:
Ինչպէ՞ս կրնանք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ցուցաբերուած ոգին վերականգնել, Ապրիլ 24ին Լոս Անճելըսի պողոտաները ողողած 160,000ի հրաշքը կրկնելի դարձնել:
Կախարդական բանաձեւի մը փնտռտուքը կրնայ մեզ հոգետանջ ընել: Վերադառնալով նախաապրիլեան օրերուն, քննելով, գնահատելով այն քայլերը, որոնց եզրակացութիւնը եղաւ Ապրիլ 24ի արդարութեան յաղթական քայլարշաւը, կը փորձենք մէկ առ մէկ բացայայտել յաջողութեան բաղադրիչները:
Հարիւրամեակը ինք՝ իբրեւ յոբելենական հանգրուան, անշուշտ յաւելեալ ուժականութեան աղբիւր էր: Կարծես բոլորս ալ կ՛ուզէինք աշխարհին յստակ դարձնել, աւելի՛ն, պատգամել որ հարիւրերորդ տարելիցով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը, անոր քաղաքական հետեւանքներու հետապնդումը չի կրնար աւարտիլ, ընդհակառակը՝ նոր թափ պիտի ստանայ: Մեզի ալ կարծես պէտք էր այս հաստատումը ընել ամէնէն զօրաւոր շեշտով, որպէսզի ազտագրուէինք այն մտատանջութենէն, որ հարիւրամեակը կրնար վերջակէտ դառնալ մեր պայքարին:
Ուժականութեան միւս աղբիւրը իրապէս փնտռելու կարիք բնաւ չկայ, չէ եղած: Ամէն անգամ որ անհրաժեշտ եղած է մեր առաւելագոյն լարումին հասնիլ, դիմած ենք դարերու խորքէն մեզի ժառանգուած իմաստութեան. միասնական դարձած ենք, բռնցքուած ենք ու՝ փրկուած, վերապրած ու յաղթանակած:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում