Հաւանաբար շատերու միտքը չարչրկած է այն հարցը, որ տարիներ շարունակ հայութեան կարիքներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց չտուած Գըրգ Գըրգորեանի մէջ ինչպէ՞ս արթնցաւ զգայնութիւնը Սփիւռքի ու Հայաստանի դժուարութիւններուն հանդէպ:
«Լինսի» հիմնարկը, որուն ճամբով կատարուեցան բարեգործութիւնները, Գըրգորեանի դուստրերու (Լինտայի եւ Թրէյսիի) անուններուն միացումով գոյացած անունը կը կրէ: Կարելի է եզրակացնել (շատ մակերեսային եւ հապճեպ) այս անուան որոշումէն, որ Գըրգորեան ընտանիքի մարդ էր, իր զաւակները սիրող անձ մը, որ նաեւ անտարբեր չէր կրնար ըլլալ իր ծնողներուն, անոնցմէ ուղղակի կամ անուղղակի ստացած մշակութային կամ ազգային ժառանգութեան հանդէպ:
Նաեւ այն փաստը, որ «Լինսի»ն հիմնուեցաւ Գիւմրիի երկրաշարժէն ետք (1989ին) կրնայ թելադրել, որ ան անտարբեր չէր Հայաստանի ժողովուրդին, անոր ճակատագիրին հանդէպ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում