Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Տիրւզները Սուրիոյ տագնապին համար նոր խաղաքարտ

Հունիս 15,2015 13:45

Այն ինչ, որ պատահեցաւ Իտլիպի մէջ անսպասելի չէր: «Ալ Նըսրա» ճակատի զինեալներ մուտք գործած են Տիւրզիներով բնակեցուած «Քալպ Ալ Լաուզ» աւան ու սպաննած 20 Տիւրզիներ: Սուրիոյ տարբեր շերտերով անցած պատերազմի օրագրութեան մէջ նորութիւն մը չէր 20 անձերու սպաննուիլը: Նորութիւնը անոնց Տիւրզի համայնքին պատկանիլն էր: Ու առաջին անգամն է, որ Տիւրզի համայնքը կը ներքաշուի Սուրիական հակամարտութեան մէջ: Մինչ տարբեր աղբիւրներ կը խօսէին, որ զոհերուն թիւը կրնայ անցած ըլլալ 40 -ը անդին Լիբանանցի Տիւրզի պատասխանատուներ հակասական յայտարարութիւններով հանդէս կուգային:

Տիւրզի համայնքը ձեւաւորուած է Իսլամական Ֆաթէմեան դարաշրջանին: Անոր հիմնական առաջնորդը կը համարուի Նաշթքին Ալ Տիւրզին (1021) : Տիւրզիները, թէեւ կը համարուին Իսլամներ սակայն անոնց ըմբռնումները եւ կրօնական արարողութիւնները կը մնան գաղտնի: Տակաւին անոնք կարգ մը Իսլամ կրօնական առաջնորդներու կողմէ կը համարուին աղանդ: Այսօր Տիւրզիներու թիւը կը հասնի շուրջ 2.5 միլիոնի եւ անոնք տարածուած են Լիբանանի, Սուրիա, Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգերու եւ Եւրոպայի մէջ: Մշակութային տարբեր մօտեցումներով ապրող Տիւրզիները կը հաւատան վերածնութեան գաղափարին բայց այդ մասին կը նախընտրեն լռել: Պանի Մահրուֆ անունով ճանչցուած Տիւրզի համայնքին հիմնադիր կը համարուի Արաբական Ալ Թանուխի ցեղախումբը: Իսկ այսօր անոնց ամէնէն յայտնի ընտանինքներէն են Ժոմպլաթ եւ Արսլան գերդասատանները, որոնց հիմնական կեդրոնը Լիբանանի «Ալ Ժապալ» անունով յայտնի Լեռնային հատուածն է: Սոյն ընտանիքները շատ յաճախ հակամարտութեան մէջ եղած են եւ անոնց ունեցած յատկապէս քաղաքական տարակարծութիւնները դուռ բացած են ներքին խլրտումներու եւ արիւնահոսութեան:

A boy holds a Syrian flag during a rally in the Druze village of Majdal Shams on the Golan Heights, which stands at the heart of a long-standing conflict between Israel and Syria, February 14, 2013. Hundreds of members of the Druze community took part in the rally on Thursday, marking the 32nd anniversary of Israel's annexation of the strategic plateau which it captured in the 1967 Middle East War. REUTERS/Baz Ratner (POLITICS ANNIVERSARY)

Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Տիւրզի համայնքին մէջ երեւելիօրէն ընդգծուեցաւ երկու մօտեցում : Մինչ Լիբանանցի Տիւրզի գլխաւոր առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուց կոչ կ’ուղղէր Սուրիոյ Տիւրզիներուն, որպէսզի միանան Սուրիոյ տագնապի առաջին տարիներուն գետնի վրայ կարեւոր ներկայութիւն ունեցող ընդդիմութեան «ազատ բանակ»ին, անդին Ասատին մօտիկ համարուող քաղաքական գործիչներ ՝ Ուիամ Ուահամ եւ Թալալ Արսլան կը շարունակէին զօորավիգ կանգնիլ վարչակարգին, միեւնոյն ժամանակ հաւաստելով, որ տեղի ունեցածը Սուրիոյ եւ արաբականութեան դէմ հերթական դաւ է եւ որ, Ասատի կառավարական ուժերը յաղթական դուրս պիտի գան այս ծանր եւ արիւնալի տագնապէն:

al druz  Best!Իրենց ապրած վայրերուն մէջ Տիւրզիները միշտ ալ տարբեր կեցուածքներով հանդէս եկած են: Սուրիոյ պարագային անոնք ըմբոստացած են ֆրանսական ներկայութեան դէմ եւ 1925-ին Տիւրզի ղեկավար Սութան Փաշա Աթրաշի առաջնորդութեամբ պայքար տարած են ֆրանսացիներուն դէմ: Անոնք մնալով ընդհանուր արաբական եւ իսլամական պարունակին մէջ պահանջած են քաղաքական եւ մշակութային ինքնավարութիւն:Նպաստելէ ետք Սուրիոյ նախագահ Ատիպ Ալ Չիչաքլիի իշխանութեան հասնելուն 1954-ին նոյն Սուլթան Փաշա Ալ Աթրաշի մղումներով Սուրիոյ նախագահը կը ստիպուէր լքել իշխանութիւնները եւ խոյս դէպի Պրազիլ: Նոյն Չիչաքլին կը սպաննուէր Պրազիլի մէջ Տիւրզիի մը գնդակով:

Սուրիոյ մէջ ընթացող մարտերուն կարմիր գիծի պէս երեւան կուգայ, որ Իսլամիստ տարբեր խմբաւորումներ եւ յատկապէս ISIS -ը միտումնաւոր կերպով կռիւներ կը մղեն փոքրամասնութիւն համարուող Էթնիք խմբաւորումներու դէմ: ISIS Յատկապէս այս մօտեցման գլխաւոր ռահվիրան է: Իրաքի հիւսը գտնուող Սընժար Լերան վրայ գտնուող Եզիտիները, Մուսէլի Գաղթէացի, ասորի, հայ եւ այլ փոքրամասնութիւնները, թուրքիոյ հետ սահմանային Քոպանիի (Արաբունար) եւ Հասաքէյի Քիւրտերը դարձան այս խմբաւորման հիմնական թիրախը: Անոնք նպատակ ունին այս կերպ ներքին խլրտումներ ստեղծել եւ ատելութեան ֆոնին եղած նոր հակամարտութիւններու ճանապարհ բանալ: Սակայն հարցադրումներու տուն կուտայ այն հանգամանքը, որ Իտլիպի մէջ տեղի ունեցած սպանդը կը գործուէր ոչ թէ ISIS-ի կողմէ այլ «Ալ Նըսրա» ճակատին ձեռամբ, որուն Թունէսզցի մէկ առաջնորդը պահանջած էր շրջանի Տիւրզիներէն արագօրէն պարպել իրենց տուները եւ հեռանալ շրջանէն:

al druz Syria###

Տեղի ունեցած սպանդի լուրերը հազիւ կը տարածուէին Իսրայէլի Տիւրզիներու առանորդ ՝ Մուաֆաք Զարիֆ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կ’ըսէր, որ իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան եթէ որեւէ կողմ փորձէ տիւրզիներուն վնաս հասցընել: Տիւրզիներու կապը անդրսահմանային է: Այսինքն հակառակ անոր, որ անոնք կ’ապրին Իսրայէլեան Կոլան լեռնային հատուածին մէջ այլապէս ալ անոնք կրնան միջամուխ ըլլալ եւ փորձել օժանդակել իրենց արիւնակիցներուն: Զարիֆ նաեւ ըսած էր, որ իրենք նոյնիսկ պատրաստ են դիմել Միացեալ Նահանգներուն այս տագնապէն դուրս գալու համար: Լեռնային հատուածներու մէջ ապաստանած տիւրզիներուն համար (Սուրիա «Ալ Սըմաք» Լեռ եւ Ալ Սուայտա նահանգ, Լիբանան «Ալ Ժապալ» կամ Լեռնալիբանան եւ Իսրայէլ՝ Կոլանի լեռնային հատուած) ինքնապաշտպանութիւնը դարաւոր հիմքեր ունի: Անոնք լեռնային պայմաններուն վարժ, ռազմունակ եւ իրենց ընբռնումներուն համար կռուող համայնք են:

Կը մնայ հարց տալ,թէ ի՞նչու այս խլրտումները տեղի կ’ունենան պահու մը, երբ Սուրիոյ տագնապը մտած է անկիւնադարձին փուլ մը:

Մինչ տարբեր մեկնաբաններ վերլուծական նիւթերով հանդէս գալով կը խօսին ոչ միայն Ասատի հեռացման մասին այլ նաեւ կը մատնշեն, որ Ասատ կրնայ Մոսկուա ապաստանիլ: Այս խօսքէն բացի շրջանառութեան մէջ է Սուրիոյ բաժանման մասին «տեսութիւններ»ը, որոնք ամէն օր «նոր քարտէզ»ներով կը ներկայացուին:

Ներկայ դէպքերուն հունը նաեւ կրնայ պատրաստել յետ, ասատեան Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք գործընացները: Մինչ տարբեր կողմեր կը զգուշացնեն, որ Ասատի հեռանալէն ետք երկիրը կրնայ թատերաբեմ ըլլալ անվերջանալի, անաւարտ եւ ծանր սպաննութիւններով լեցուն հանգրուանի մը անդին ամերիկեան պատասխանատուներ հերթական անգամ շրջադարձ կ’ընեն Սսատին հանդէպ իրենց կեցուածքին մէջ եւ կը պահանջեն, գոնէ որոշ շրջանով մը Ասատին հեռացումը յետաձգել:

Այս մասին կարեւոր եւ փաստացի տեղեկութիւններ կը փոխանցէ արաբական «Շարք Ալ Աուսաթ» օրաթերթը, որ գրած է Սուրիոյ խնդրով նշանակուած ամերիկացի դիւանագէտ Տանիէլ Ռուպընշթայնի Ժընեւ եւ ապա Մոսկուա տուած «գաղտնի» այցին մասին: Ըստ թերթին ամերիկացի դիւանագէտը Մոսկուային ներկայացուցած է իր ղեկավարութեան մտահոգութիւնը ISIS-ի Դամասկոսը գրաւելուն վերաբերեալ եւ այդ իսկ պատճառով ամերիկացիք յարմար կը համարեն, որ Ասատ առնուազն յաջորդ հանգրուանին մնայ իշխանութեան վրայ:

Երբ խօսքը ռուս- ամերիկեան «նախնական» համաձայնութեան մասին է Սուրիոյ տագնապին մէջ առաւել կամ նուազ չափերով միջամուխ եղող կողմերը կրնան խօսք չունենալ:

Կը մնայ երկու հարցում արդեօ՞ք ընդդիմադիր ջոկատները պիտի կարողանան Դամասկոս մուտք գործել: Բացի անկէ, արդեօ՞ք Տոհա, Անգարա, Փարիզ ու մանաւանդ Րիատ պիտի ընդունին, որ Ասատի հեռացումը ժամանակաւոր կերպով յետաձգուի: Հիմա հարցը Ասատի մնալ- չմնալը չէ: Ամերիկացիք լրջօրէն մտահոգ են, որ ISIS իր ազդեցութեան գօտիները պիտի մեծցընէ: Իրաքեան իշխանութիւնները գրեթէ լքուած են իրենց ճակատագրին ու ամերիկեան վճռական որոշման մը չգոյութեան հետեւանքով ահաբեկչական խմբաւորումներեը մահացու հարուած չեն ստացած եւ ունին համեմատաբար հանգիստ իրավիճակ մը: Պարզ է, որ ամերիկացիք բեն ուզեր վճռական ըլլալ Իրաքի մէջ եւ նոյնկերպ չեն ուզեր «յաղթանակ նուիրել» Շիիթ խմբաւորումներուն: Եթէ նոյնը պատահի Սուրիոյ մէջ այսինքն եթէ ISIS աւելիով ուժեղանայ այն ատեն այդ խմբաւորման մահացու հարուած տալը կը դառնայ անկարելի: Տարբեր կշիռներով մօտեցող ամերիկացիներուն համար հիմա Սուրիոյ տագնապին լուծուիլը կարեւոր չի թուիր ըլլալ: Անոնց համար ամէնէն առաջնայինը Իրանի հետ կորիզային գործառքին ստորագրումն է: Բացի անկէ սուրիական «բաց խաղ»ին մէջ ժամականաւոր ու տարբեր գործօններ ալ կրնան երեւելի դառնալ: Այդ գործօններէն է քրտական գործօնը: Քրտական ջոկատներ սկսած են յառաջանալ «Թալ Ապեատ» շրջանին ուղղութեամբ: Անոնք կը ճակատին ISIS-ին ե դէմ եւ վերջին ժամերուն գրանցուած տուելաներուն համաձայն անոնք դանդաղ բայց կայուն քայլերով կը յառաջանան դէպի Ռաքքա: Միջազգային դաշնակից ուժեր, օդային հարուածներ տալով կարեւոր նեցուկ ցոյց կուտան Քիւրտ զինեալներէուն:

Սուրիական ճգժնամի արիւնահոս վէրքը տակաւին կրնայ շարունակուիլ: Միացեալ Նահնագներ յատկապէս հետամուտ են որ տագնապը երկարի եւ թատերաբեմին վրայ կռուող տարբեր էթնիք , ահաբեկչական, ժողովրդային եւ իսլամական ու այլ պիտակներու տակ հանդէս եկող խմբաւորումները բզկտեն Սուրիան: Նոյն այդ խմբաւորումները դառնան մասնատուած տկար, անկար եւ սպառուած: Անկէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ լուծման հեռնակարի մը մասին: Իսկ ինչ կը վերաբերի չափաւորական ընդդիմութեան համար ամերիկեան մարզումներուն կարելի է ըսել, որ այդ ծրագիրը արդէն իսկ կը պատկանի անցեալին, որովհետեւ գետնի վրայ կռուող հրոսկները աւելի կարեւոր դեր ունին կատարելիք քան որեւէ չափաւորական սուրիական ուժեր, որոնք կրնան գետնի վրայ նոր կացութիւն ստեղծել:

Այս կացութեան մէջ է Սուրիան այսօր սակայն չի բացառուիր, որ կտրուկ փոփոխութիւններ տեղի ունենեն պայմանաւ, որ այդ փոփոխութիւնները պէտք է ծառայեն Սպիտակ Տան եւ Գրէմլինի առաջնորդներու մշտնջենական շահերուն:

Սագօ ԱՐԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930