Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Փոխադարձ փորձութեան դաշտը. asbarez.com

Հունիս 12,2015 11:20

Աւարտեցաւ 7 Յունիսի ընտրութիւնները եւ երկրի օրակարգին գլխաւոր մտմտումը դարձաւ նոր կառավարութեան մը կազմութեան այլընտրանքները: ԱՔՓ կուսակցութեան 13 տարուան միահեծան իշխանութիւնը վերջ գտաւ քրտամէտ ՀՏՓի 80 երեսփոխաններուն խորհրդարան մտնելով:

Նոր խորհրդարանը Թուրքիոյ հայութեան համար ալ նոր փորձի դաշտ մըն է:

Մօտ օրէն կը կայանայ պատգամաւորներու երդման արարողութիւնը եւ երեք հայ երեսփոխաններ ալ կը ստանձնեն իրենց խիստ պատասխանատու պարտականութիւնը:

Պատասխանատուութիւնը գիտակցութեան խնդիր մըն է եւ հաստատ վստահ ենք, որ հայազգի երեք երեսփոխաններն ալ օժտուած են այդ գիտակցութեամբ: Որքան ալ անոնք վայելեն իրենց անդամակցած կուսակցութիւններուն զօրակցութիւնը եւ նեցուկը, ի վերջոյ յիշենք, որ մեր ազգակիցները նստած են գայլերու սեղանին: Այդ իրողութիւնը առաջին յուշողները եղան ՃՀՓ կուսակցութեան ցեղապաշտ ջիղը ներկայացնող անդամները:

Անոնք թեկնածութեան առաջին պահուն իսկ ճնշում բանեցնել փորձեցին Սելինա Տօղանի դէմ, իրեն պարտադրելով ցեղասպանութեան ուրացումը: Երիտասարդ քաղաքական գործիչը, թէեւ ճարպիկօրէն հակազդեց իր դէմ լարուած այդ ծուղակին, բայց կասկած չկայ որ արմատացած բիւզանդական դաւադիր մտայնութիւնը, որ իւրացուած է թրքական քաղաքական միտքին կողմէ ալ, ամէն առիթով պիտի դիմէ նոյն դաւադրութեան:

Սակայն երեք հայ պատգամաւորներու համար ի զօրու եղած գիտակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը պիտի պահանջուի նաեւ թրքահայութենէն: Մենք՝ իբրեւ ազգ, սկսելով պատրիարքարանէն, մինչեւ ամենափոքր կազմակերպութիւն եւ անհատներ, պիտի կարենա՞նք զօրակցիլ մեր ներկայացուցիչներուն: Պիտի կարենա՞նք իրենց զգացնել, որ առանձին չեն, ամբողջ ժողովուրդ մը ունին իրենց ետին: Այս հարցումներուն պատասխանը բաւականաչափ չէր յստակացած Հրանդ Տինքի օրինակով: Կ՛արժէ խոստովանիլ, որ մեզ՝ բոլորիս համար ալ նոր փորձառութիւն մը կը ներկայացնէ երեք հայ պատգամաւորներու խորհրդարանին մէջ յայտնութիւնը:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930