Կը գտնուինք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին: Յունիս 7ին յստակ պիտի դառնայ, թէ ի՞նչ ձեւաւորում կրնայ ստանալ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական դաշտի կառոյցը եւ թէ ի՞նչ ապագայ վերապահուած է Թուրքիոյ այժմու նախագահական համակարգին եւ նախագահ Էրտողանի քաղաքական յաւակնութիւններուն: Ի տարբերութիւն բոլոր նախորդ ընտրութիւններուն, Յունիս 7ը կոչուած է ըլլալու շրջադարձային հանգրուան մը երկրի կեանքին մէջ եւ յղի է ծանրակշիռ հետեւանքներով:
Էրտողանի ներկայ գրաւն է քաղաքական դաշտը առնել իր կուսակցութեան (AKP) ամբողջական հակակշիռին տակ՝ Ազգային Մեծ ժողովէն դուրս պահելով Տեմիրթաշի նոր կուսակցութիւնը (HDP): Պարզ խօսքով, ընել այնպէս՝ որ Տեմիրթաշ չկարողանայ հաւաքել 10%-ի նուազագոյնը եւ հետեւաբար չկարողանայ տեղ գրաւել յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ: Եթէ Էրտողանի ռազմավարութիւնը յաջողի, AKP-ի դիրքերը լայնօրէն ամրապնդուած պիտի ըլլան եւ Էրտողան հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ իրագործուած տեսնելու սահմանադրական փոփոխութիւններու իր ծրագիրը զգալիօրէն ընդլայնելով իր իրաւասութիւնները երկրի քաղաքական բեմին վրայ:
Կարօ Արմենեան
Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ asbarez.com-ում: