Լրահոս
Օրվա լրահոսը

 Իրանեան ուժեր Դամասկոս կը հասնին. Ի՞նչու

Հունիս 05,2015 16:22

Մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ  տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Իրանեան  զինեալներու Դամասկոս հասնելուն մասին: Ըստ տրուած  տեղեկութիւններուն անցնող  երեք օրերուն Դամասկոս հասած Իրանցի եւ Իրաքցի զինեալներուն թիւը կը հասնի 7000–ի: Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն այդ ուժերուն թիւը հասնի 12.000–ի:  Չնայած անոր, որ առաջին անգամը չէ, որ նման տեղեկութիւններ կը հրապարակուին սակայն բացորոշ է նաեւ, թէ   այս հանգրուանին Իրանէն Սուրիա  զինուորներ առաքելը  տրամաբանական է:  Անցնող   25 Ապրիլէն ի վեր Ասատեան ուժերը ծանր կորուստներ ունեցան:  Անցումային կը համարուէր յատկապէս «Ժըսր Ալ Շուղուր» շրջանին Իսլամական ուժերու տիրապետութեան տակ անցնիլը:  Տաս օրեր առաջ նոյն Ասատեան ուժերը փորձեցին գրաւման տակ եղող   քաղաքի գլխաւոր հիւանադանոցի դէմ եղած պաշարումը քակել: Անոնց փորձերը    եղան անյաջող: Նախնական տեղեկութիւններով հիւանդանոցին մէջ կային  Ասատեան բանակի 250 զինուորներ, որոնց մէջ եւ ս կային բարձրաստիճան սպաներ:

Պաշարման փորձը քակելու  ձախող փորձէն ետք ընդդիմութեան տարբեր աղբիւրներ  լուր գրեցին այն մասին, որ Ասատեան բանակը մեծ կորուստներ ունեցաւ:Աւելի ուշ թեման փակուեցաւ եւ Սուրիական արիւնոտ օրագրութիւնը շարունակեց իր հունը:  Ասատեան բանակը ծանր կրակէ օղակի տակ առաւ ընդդիմութեան ձեռքը անցած Իտլիպը, որուն արդիւնքով տասնեակ քաղաքացիներ սպաննուեցան: Այս բոլորին մասին խօսելէ զատ պէտք է շեշտադրել «Ժըսր Ալ Շուղուր» շրջանի ռազմավարական կարեւորութիւնը: Այդ շրջանը կը համարուի հիմնական բանալին եւ հոնկէ է, որ կարելի կ’ըլլայ կապ ստեղծել Սուրիոյ ծովեզերեան շրջաններուն (Լաթաքիա) ինչպէս նաեւ երկրի կեդրոնը գտնուող Հոմս քաղաքին հետ: Ընդդիմութեան համար շատ «թանկ»   ռազմավարական կէտ համարուող այդ հատուածը   «կարեւոր պատառ» է, որովհետեւ  «Ժայշ Ալ Ֆաթհ»ի հովանիին տակ եղող բոլոր ջոկատները (Ալ Նըսրա, Ալ Ժապհաթ Ալ Շամիյաաթ եւ այլ  խմբաւորումներ) այսօր կը հետապնդնեն  դէպի ծովեզերք «արաշաւելու» նպատակը: Լաթաքիան կարեւոր վայր է ընդդիմութեան համար ոչ միայն ռազամակավարական գետնի վրայ այլ նաեւ  անոր  համար, որ  անոր մօտ կը գտնուի  Քըրտահա   աւանը, որ Ասատ  ընտանիքի ծննդավայրն է:

IranSyria main### Մինչ ընդդիմութեան համար ներկայ  պահու դրութեամբ Դամասկոսի  կեդրոնը գրաւելու  բոլոր ծրագիրները կը մնան  սառեցուած անդին Լաթաքիայի ճանապարհը կը թուի ըլլալ աւելի հեշտ:  Այստեղ պէտք է նոյնպէս մատնանշել, որ Ասատի հովանաւորութեան տակ եղող  բանակը  սկսած է բոլոր ճակատներուն վրայ յոգնութեան նշաններ ցոյց տալ:  Ասոր կարեւոր ապացոյցը Բալմիրա  պատմական քաղաքի «յանձնում»ն էր, ուր վարչակարգային ուժեր գրեթէ առանց կապար մ’իսկ կրակելու հեռացան շրջանէն: Ու նոր չէ այն տեսութիւնը, որ Ասատեան վարչակարգը միշտ ալ կը խուսափի ISIS-ի  դէմ ճակատելէ: Սա երբեք չի նշանակեր, որ   վարչակարգին ձեռնասունն է բայց նման վարկած  առաջ քաշողները կը վստահեցնեն, որ  եթէ նոյնիսկ   ISIS Ասատեան րէժիմի հիմնադրածը չէ   ապա նաեւ երեւելի է, որ կառավարական բանակի գործողութիւնները կ’օժանդակեն ահաբեկչական  այդ խմբաւորման աճին:

Քաղաքական գետնի վրայ  Սուրիոյ պատերազմի այս փուլը կը յատկանշուի Ռուսական  երեւելի լռութեամբ: Մինչ Լավրով  կը յայտարարէ, թէ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ  գրեթէ մօտեցած են Սուրիոյ տագնապին յարմար քաղաքական լուծում մը  մէջտեղ բերելու առումով, անդին Սէուտցի դիւանագիտութեան պետը  արտաքին գործոց նախարար ՝ Ատէլ Ալ Ժուպայր կ’ըսէր, թէ իրենք ամէն ճիգ պիտի ընեն, որպէսզի Սուրիոյ տագնապը  քաղաքական լուծում ունենայ եւ կը շեշտադրէ, որ գործող նախագահ ՝ Պաշշար Ասատ   ոչ մէկ դեր պիտի ունենայ  Սուրիոյ ապագային մէջ:

Պարանաձգութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Գետնի վրայ զինուորական գործողութիւնները աւելիով կրնան թէժանալ մինչեւ յառաջիկայ 30 Յունիսը, երբ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ Ժընեւի մէջ իրար դիմաց նստելով     պիտի շրջեն կորիզային բանակցութիւններու վերջին էջը:  Այս առումով  համաձայնութեան կայացման  եւ ստորագրման յոյսերը  համահաւասար  են: Իսկ եթէ  արդիւնքները ժխտական ըլլան, Իրանցի բանակցորդը  կ’անսայ Ամերիկայի  «աղերս»ին եւ բանակցութիւնները դարձեալ կը յետաձգուին:  Այս ընթացքին է, որ Սիւննի -Շիիթ  առճակատման   թիրախները նոր հուն պիտի ստանան: Այսպէս 7 հազար Իրանցի զինեալները պիտի փորձեն գետնի վրայ  կարեւոր փոփոխութիւններ իրականացնել: Անոնք պիտի անցնին հակայարձակումի զօրացնելու համար  Իրանի  խաղաքարտերը: Այս մասին   խօսած է Իրանեան բանակի «Ալ Քուտս» ջոկատի  հրամանատար Զօր. Քասէմ Սուլայմանի  եւ ըսած՝ «աշխարհը թող   քիչ մը սպասէ: Մենք անպայման անկանկալներ պիտի մատուցենք»:

Այս բոլորէն զատ Լիբանան- Սուրիա սահմանայաին Ալ Քալամուն շրջանին մէջ «Հըզպալլա» կը պահպանէ «Իրանեան թիկունք»ը: Մինչ լիբանանեան եւ արաբական  Սիւննի աշխարհի ներկայացուցիչներ կը հաւաստիացնեն, որ «Հըզպալլա» մտած է խոր եւ աւարտ չունեցող տիղմի մը մէջ անդին  «Հըզպալլա» վստահ է իր գրանցելիք յաղթանակէն: Հակառակ իր տուած մեծ թիւով զոհերուն  «Հըզպալլա»ի առաջնորդ՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլա  շաբաթը գրեթէ երեք անգամ  պատկերասփռուած ելոյթ կ’ունենայ եւ կը շարունակէ իր համակիրները «պատրաստել» մեծ պատերզամին:

Անկախ այս բոլորէն Սուրիան ձեւով մը  դադրած  է արաբականութեան համար պայքարող երկիր ըլլալէ: Իրանի գործողութիւնները համայնքային դրութիւն մը ստեղծած են երկրին մէջ:  Բնականաբար Շիիթ – Սիւննի  հակամարտութեան մէջ եւս Սուրիոյ այս իրավիճակը (եթէ նոյնիսկ Իրան «յաղթէ» այս պատերազմը) ներելի եւ տանելի պիտի չըլլայ Սիւննի աշխարհին համար:

Հայկական գետնի վրայ վերջին օրերու   փոփոխութիւններու լոյսին տակ Սուրիահայութեան ղեկավար մարմիններու մօտ նոր կեցուածքներ երեւելի կը դառնան: Այս առումով ամէնէն ցայտուն օրինակը  Հալէպի «Ազգային առաջնորդարան»ի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեանի ըրած յայտարարութիւն է: Հալէպահայ պատասխանատուն  դեռ պարզ չէ   Հալէպի իրավիճակը նկարագրելու համար կ’օգտագործէ նոր բառ մը  եւ  խօսելով հայրենի «168 Ժամ»ին կըսէ ՝ Հալէպը կ’ամայանայ: Բնականաբար ամայութիւնը կը վերագրուի  վարչակարգի տիրապետութեան տակ եղող հայկական շրջաններուն:  Ռէիսեան յառաջիկայ օրերուն շատ հաւաբար վերախմբագրէ իր խօսքը սակայն այնուամենայնիւ յստակ է, որ Հալէպի իրավիճակը կ’ընթանայ դէպի յաւելեալ վատթարացում :

Տխուր փաստ է , որ սփիւռքի տարբեր կառոյցներ ցարդ կը շարժին «գաղութը պահպանել»ու ոչ իրապաշտ  մօտեցումներով : Տխուր է նաեւ, որ Հալէպը պիտի չունենայ իր անցեալի փայլը: Այս հանգրուանին կարեւորագոյնը աղմուկ չբարձրաձնելը կամ խուճապի մասին չխօսիլը չէ,  այլ հիմնարարը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ  Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն Դամասկոս տուած այցելութիւնէն  դրական պտուղներ քաղելն է: Այդ մէկը հասկնալի է, որ պէտք է ըլլայ լոյսերէ հեռու եւ առանց պոռչտուքի:

Ինչպէս երէկ այսօր եւս Հալէպահայութեան անվտանգութըւնը կը մնայ առաջնային ու երանի  7-էն 12 հազար Իրանցի զինուորները  Սուրիա հասնէին պաշտպանելու` Հայկական Հալէպը:

Բայց այդպէս չէ: Իրանի կողմէ առաքուած զինեաները Դամասկոս կուգան պաշպանելու ոչ միայն  վիրաւոր   եւ թուլացած վարչակարգին «սիրտ»ը,  այլ նպատակ ունին իրենց ձեռքերուն պահել  Իրան- Ամն բանակցութիւններու հիմնական խաղաթուղթը:

 

 

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930