Ժամանակն է, որ մենք ճշգրիտ ձեւակերպում տանք օրինական պահանջներու մեր ազգային թղթածրարին: Այս առումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ նախաձեռնուած դատական գործը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին առջեւ՝ կարեւոր փորձագետին մը կը հանդիսանայ այս մարզէն ներս տարուող Հայ Դատի աշխատանքներուն համար: Ան նաեւ կը յարուցէ շարք մը հարցականներ, որոնք այժմէն իսկ պէտք է անցնին մեր հաւաքական փորձաքննութեան բովէն անցանկալի նախադէպեր կանխելու խոհեմ նախանձախնդրութեամբ:
Ըստ վերջին հրապարակումներուն՝ դատական գործին պահանջագիրը «գին» կը դնէ (թրքական եւ ամերիկեան դրամանիշերով ճշդուած) Սսոյ Սուրբ Աթոռի նստավայրը հանդիսացող հոգեւոր համալիրին վրայ՝ միաժամանակ իրաւունք տալով թուրք իշխանութիւններուն ֆինանսական հատուցման միջոցով վերջ տալու վերոյիշեալ դատին եւ դառնալու անվիճելի սեփականատէրը Սսոյ կաթողիկոսարանին: Եթէ հրապարակումները հարազատօրէն չեն ներկայացներ պահանջագիրին բովանդակութիւնը, կաթողիկոսութեան լրատուական ծառայութիւնը պէտք է անյապաղ յստակացնէ այս պարագան:
Մինչ այդ կարեւոր է, որ մեր պահանջատիրութեան թղթածրարը ձեւաւորուի յստակ եւ անառարկելի չափանիշներով: Թրքական գրաւման տակ գտնուող հայոց հազարաւոր սրբավայրերը մեր հոգեւոր ժառանգութիւնն են: Անոնք ունին ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ կարգավիճակ (patrimoine) ազգային անձեռնմխելի հարստութեան գերաստիճան հանգամանքով, որ ստիպողաբար կը խտացնէ հայ ազգի անցեալ, ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն անօտարելի իրաւունքները: Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն ծնող հատուցման սկզբունքը չի կրնար բաւարարել հայրենազրկումի պարագան: Հայրենական ժառանգութիւնը հիմնովին կը տարբերի անհատին եւ իրաւաբանական անձնաւորութիւններուն յատուկ եղող սեփականութեան պարագաներէն:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում