Հալէպի բարդ կացութիւնը, ռազմական գործողութիւններու ելեւէջները, քաղաքական բեմահարթակի վրայ Հալէպին առնչուող հակասական լուրերը, կենցաղային անհամար դժուարութիւններն ու յատկապէս բնակելի թաղամասերու պարբերաբար սաստկացող թիրախային ռմբակոծումները մտահոգութեան նոր ալիք բարձրացուցին ոչ միայն տեղւոյն բնակչութեան, այլեւ հալէպահայութեան ճակատագիրով մտահոգ ողջ հայութեան մօտ:
Միջազգային բեմահարթակի վրայ տագնապի լուծման հեռանկարի բացակայութիւնը, ճգնաժամի գլխաւոր հեղինակներուն անգամ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու անկարողութիւնը, Սուրիոյ տագնապի մօտալուտ լուծումը չեն ուրուագծեր: Հալէպի ապահովական վիճակը ծանր է: Այս ուղղութեամբ պատկան մարմիններն ու Հայաստանի պետական ներկայացուցիչները տարբեր մակարդակներով յարաբերական աշխատանքեր կը տանին եւ իրենց կարելին ի գործ կը դնեն գաղութի անվտանգութեան ապահովման համար: Պետական մակարդակի վրայ այս խնդիրի արծարծումը կը նախատեսուի ՀՀ գործոց նախարարին եւ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան Սուրիա այցելութեան ընթացքին: Սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան զօրակցութեան կոչուած ճիգերուն մէջ սակայն մերթ ընդ մերթ գլուխ կը ցցեն այնպիսի երեւոյթներ, որոնք հալէպահայութեան նպաստելու փոխարէն կը բարդացնեն անոր վիճակն ու խուճապի կը մատնեն բնակչութիւնը: Այստեղ անհրաժեշտ կը համարենք լուսարձակի տակ առնել ու պարզաբանել անոնցմէ մէկ քանին.
– Հալէպահայութեան ապրած հոգեկան ծանր տագնապը առաւել սրելու սկսած են հայկական մամուլին ու համացանցային էջերուն մէջ տարածուող տարաբնոյթ լուրերը, անպատասխանատու արտայայտութիւններն ու անճիշդ մեկնաբանութիւնները, որոնք երբեմն գաղութը պարպելու կոչերով, անհեռանկար առաջարկներով իրարանցումներու մէջ կը խրեն տեղւոյն բնակչութիւնը: Տեղին է հաստատել, որ սուրիահայութիւնը, հակառակ իր բազմապիսի կորուստներուն, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ ներկայութիւն է եւ կը շարունակէ գոյատեւել ու գործել իր միութենական, ուսումնակրթական, եկեղեցական հաստատութիւններով: Հաւաքական տեղաշարժի, գաղութ պարպելու խնդիրը, առանց անոր հետեւանքներուն լուրջ ուսումնասիրութեան, համազգային պատասխանատուութեան խնդիր է, որուն համար համահայկական առումով նպաստաւոր պայմաններ չենք տեսներ այսօր: Համայնքի պատասխանատուները յանձնառու ոգիով եւ միասնական ճիգերով կը շարունակեն սուրիահայ գաղութը կանգուն պահելու իրենց աշխատանքը, միաժամանակ պատկան կողմերու հետ սերտելով կացութեան անակնկալ վատթարացման պարագային նախատեսելի քայլերը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում