Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ինչո՞ւ Լիբանան կը շարունակէ մնալ առանց նախագահի

Հունիս 01,2015 16:07

25 Մայիսին լրացաւ Լիբանանի նախագահական աթոռի պարապութեան առաջին տարին: Նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման 25 Մայիսին կը հեռանար Պաապտայի նախագահական պալատէն եւ  Արաբական աշխարհի երկիրներու միակ քրիստոնիայ  նախագահի աթոռը կը  մնար թափուր: Վերջին  20 տարիներուն   Պաապտայի պալատ  հասած նախագահները ընտրուած էին  «քաղաքական համաձայնութեան» հիմքով:  «Քաղաքական համաձայնութիւն»  խօսքը բնականաբար կը վերաբերի Սուրիոյ ասատեան վարչակարգի Լիբանանի առընթեր շեշտուած միջամտութեան: Այսինքն Լիբանանի նախագահի անունը նախ կ’որոշուէր Դամասկոսի մէջ  եւ ապա միայն «կը վաւերացուէր» Լիբանանի  ընդհանուր իրավիճակին վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու՝ ԱՄՆ-ու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի կողմէ:  Ասատեան վարչակարգին համար Լիբանան  մինչեւ  սուրիական տագնապին սկիզբը(2011) կը համարուէր      մասամբ ենթարկուող պետութիւն եւ  անոր ռազմավարական  գիծն ու ուղղութիւնը նոյնպէս կը տնօրինուէր՝ Դամասկոսէն: Հերթաբար նախագահներ ՝ Էլիաս Հրաուի եւ Էմիլ Լահուտ նախագահական աթոռ կը հասնէին  Դամասկոսի ուղղակի միջամտութեամբ: Երկրի   նախկին նախագահ Զօր. Միշէլ Սըլէյման նախագահ կ’ընտրուէր   երկրին մէջ  2008-ի Մայիսին ծայր առած քաղաքական տագնապի  հանգուցալուծումէն ետք: Տագնապը  «դադար» կը ստանար Տոհայի մէջ  կայացուած  համաժողովով, որուն հիման վրայ կողմերը նախնական համաձայնութիւններ ձեռք ձգելով կը հասնէին այն եզրակացութեան, որ զիջելով կարելի է միայն կառավարել համայնքային բաժանումներով  «հարուստ»  Լիբանանը:

Նախագահ Միշէլ Սըլէյման  իր նախագահական երդումը կը կատարէր  25 Մայիս  2008-ին եւ այդ արարողութեան ներկայ կ’ըլլային շրջանային  ազդեցիկ պետութիւններու գլխաւոր   ղեկավարները: Լիբանանի նախագահի երդման արարողութիւնը շրջանային քաղաքական իրադարձութիւն դառնալու հանգամանքը կը պայմանաւորուէր, այն խնդրով, որ Լիբանանի կայունութիւնը եւ հոն յարաբերակցող ուժերու հաւասարակշռութիւնը  շրջանի կայունութեան կարեւոր լծակ էր:  Այդ շրջանին մէկ կողմէ իրանեան  միջամտութիւնը եւ միւս կողմէ Սէուտական Արաբիոյ   ազդեցութիւնը դեռ չէին մտած բախումներու փուլ: Պատկերը այսօր բոլորովին այլ է: Մինչ իրանամէտ  8 Մարտի ուժերը, որպէս թեկնածու , անպաշտօն կերպով կ’առաջադրեն երեսփոխան Միշէլ Աունի թեկնածուութիւնը անդին   Սէուտական Արաբիոյ հովանին վայելող  14 Մարտի ուժերը   որդեգրած են «լիբանանեան ուժեր»  կուսակցութեան ղեկավար ՝ Սամիր Ժաաժայի թեկնածութիւնը: Այս երկու թեկնածուները   մեծաւ մասամբ  նախագահ դառնալու  հեռանակար չունին բացի այն պարագայէն եթէ  խորհրդարանի մէջ   տեղի ունենան բաց նիստեր եւ ընտրուելիք նախագահը յաջողի` քուէներու պարզ մեծամասնութեամբ: Այդպիսի  դրուածքը սակայն կրնայ նշանակել, որ Լիբանան նոր  վտանգաւոր հակամարտութեան մը գիրկը պիտի իյնայ, որովհետեւ համախոհութիւնը չվայելող նախագահի մը ընտրութիւնը վստահաբար  կողմերէն մէկը պիտի մղէ  անսպասելի եւ ծայրայեղական քայլերու դիմելու:

Օրինակ  երկրին մէջ  բարդ իրավիճակ ստեղծուած է  1982 –ին, երբ Պաշիր Ժըմայէլ, որ կը համարուէր  հակա սուրիական (գլխաւորաբար քրիստոնէական) ուժերու ներկայացուցիչը,  իր  յաղթանակէն   օրեր անց՝ 14 Սեպտեմբեր 1982-ին  զոհ կ’երթար ոճրային պայթումի մը: Ժըմայէլի հետ կը զոհուէին   անոր բազմաթիւ ընկերակիցներ եւ  շրջանին մէջ գտնուող 26 քաղաքացիներ: Անոր սպաննութեան հանգամանքները  մասմամբ բացայայտուած են ու  եթէ վերլուծելու ըլլանք զինք հաշուեյարդարի ենթարկելու հանգամանքները    պարզ պիտի դառնայ, որ Պաշիր Ժըմայէլ իր քարիզմաթիք, միաւորող եւ ուժեղ նախագահի կերպարով  կրնար շրջանի բոլոր խաղաքարտերը խառնել եւ վտանգել Իսրայէլի ու Սուրիոյ անմիջական շահերը: Նոյնը պատահած է նախագահ Ռընէ Մուաուատի հետ, որ 1989-ին սուրիոյ նեցուկը չունենալով հանդերձ կ’ընտրուէր  ու իր ընտրութենէն  միայն   օրեր ետք կը սպաննուէր զոհ երթալով  ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին:  Ներկայ հանգրուանին Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութիւնը  նոյնպէս կարեւոր ցուցանիշ է  արիւնահոսող  շրջանին մէջ կայունութեան նոր հանգրուանի մը սկիզբ առնելուն առընթեր: Լիբանան  կ’ապրի ոչ թէ համաձայնութիւններու  հանգրուան մը, այլ երկիրը կանգնած է լուրջ պայթումներու նախասեմին: Իրանեան նեցուկ ունեցող «Հըզպալլա»ն  կը մասնակցի  Սուրիոյ մէջ մղուող պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոր այս  քայլը մեծ բարդութիւններու կրնայ առաջնորդել: Սիւննի աշխարհը չի բաւականանար «Հըզպալլա»ն քննադատելով, այլ  Րիատ , Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ  եւ Քաթար  իրենց տարածքներէն կը վտարեն Շիիթ լիբանանցիները ու պարզ է նաեւ, որ արաբական ծոցի երկիրներուն համար «Հըզպալլա»ն  տարբեր իմաստներով  պիտի դառնայ թիրախ: Այլ առումով, կարեւորագոյն  հարց է Լիբանանի սահմանային Արսէլ աւանի պարագան: Շուրջ  50 հազար Սիւննի բնակիչներ ունեցող այդ շրջանը լարուած ուժանակի վերածուած է: Անոր լեռնային հատուածներուն վրայ գտնուող սուրիացի սիւննի ընդդիմադիրներ (ISIS եւ «Ալ Նըսրա» ճակատ) անմիջական կապ ունին աւանին մէջ հաստատուած սուրիացի գաղթականներուն հետ եւ որեւէ հանգամանքի բերումով, եթէ «Հըզպալլա» փորձէ  աւան մտնել , ապա խնդիրը կրնայ համայնքային հակամարտութեան վերածուիլ: Պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ լիբանանցի սիւննիներուն մեծագոյն տոկոսին համար «Հըզպալլա»ի գործողութիւնները անընդունելի են եւ ան չի վայելեր մօտիկ անցեալի իր ունեցած համաժողովրդային նեցուկը:

Այս խնդիրներուն դիմաց Լիբանանը կարիք ունի բանակի նեցուկը  վայելող, չափաւորական եւ բոլոր կողմերուն հետ հաւասար  յարաբերութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ այս տուեալները կը պարփակուին  բանակի ներկայ հրամանատար՝ Զօր. Ժան Ահուաժիի անձին մէջ: Լիբանանի ցանկացած նախագահ  պէտք է լաւ ըմբռնէ, որ գալիք հանգրուանի ամէնէն կարեւոր  հրամայականը  Լիբանան գտնուող սուրիացի գաղթականները վերահսկողութեան տակ պահելու հարցն է: Վտանգաւոր է նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններու հարցը եւ  լաւապէս զինուած սիւննի պաղեստինցիները կրնան նոյնպէս վտանգաւոր  իրավիճակ ստեղծել երկրին մէջ:

Փրկութեան լաստ դարձած  նախագահի աթոռը  թէկուզ եւ վտանգուած չէ, սակայն եթէ  այս իրավիճակը երկարի կրնայ երկիրը յաւելեալ բարդութեանց տանիլ: Այս մէկը հասկնալի է մարոնիներու կեդրոնական համայնքի որոշումի կեդրոն հանդիսացող ՝ Պքէրքէյին համար:Սակայն ներ-քրիստոնէական  քաղաքական ճակատին վրայ խնդրին առընթեր համաձայնութեան բացակայութիւնը կրնայ տագնապը երկարել: Տխուր է, որ քրիստոնեաներ առաջին անգամը չէ որ երկիրը կրնան  ծանր   հանգրուանի մը տանիլ: Բացի ասկէ  Թեհրանի եւ Րիատի կողմէ թեկնածուներու հանդէպ  պէտք եղած նախասիրութիւնները եւս կրնան խանգարել եւ ուշացնել ընտրութիւնը:

Լիբանանցիները ունին մէկ ճար, անոնք  եթէ  անունի մը շուրջ չմիաւորուին,  որ առայժմ երեւելի չէ, երկիրը՝ ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր եւս  կրնայ , որպէս  խաղաթուղթ օգտագործուիլ Իրան-Միացեալ Նահանգներ սակարկութիւններու սեղանին վրայ եւ ապա Թեհրան- Րիատ առայժ բաց եւ անկանխատեսելի բախումներու ականադաշտին մէջ: Պարզ է նաեւ, որ գալիք հանգրուանը պիտի ըլլայ  փոխ զիջումներու եւ սակարկութեան հանգրուան մը:Կը մնայ հարցումը՝ արդեօ՞ք Լիբանան  կրնայ  այդքան երկար սպասել մինչեւ որ սակարկութիւններու   «շուկա»ն բացուի: Ու աւելի կարեւորը, արդեօ՞ք  այդ սակարկումները  Լիբանանի  միասնութեան եւ  անվտանգութեան հաշւոյն պիտի չըլլան:

 

 

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930