Անկախութեան տարեդարձին առթիւ դաշնակցական թերթի աշխատակիցի մը համար ամէնէն դիւրին գործը խմբագրական գրելն է:
Հայաստանի անկախ պետականութեան հզօրացման ի խնդիր, յանձնառութեան հերթական վերհաստատումով սկսող ու հայ ժողովուրդի ազգային իղձերու կատարման նուիրուելու պատրաստակամութեամբ աւարտող խմբագրականը կրնայ օրուան պատշաճութեան հանդերձանքով գրութեան մը տեղը դրուիլ կա՛մ ընթերցուելէ ետք կամ ալ նոյնիսկ առանց ընթերցուելու պարզապէս մոռցուիլ: Որքան ալ պնդենք, որ նման խմբագրականներ կրնան ընթերցողի հոգիի ու միտքի խորքերուն հետք մը ձգել, զայն ոգեւորել, կամ հետագայ աշխատանքներու մասնակից ըլլալու նախապատրաստել, դժուար պիտի ըլլայ նման բան ապացուցելը:
Յամենայնդէպս, խմբագրականը կը գրուի ու կը գրաւէ իր պատուական տեղը թերթի էջերուն վրայ, իսկ անոր իմաստաւորումը կու գայ միայն խօսքէն գործի անցումով:
Դաշնակցութիւնը կը յաւակնի եւ իր պատմութեամբ ապացուցած է, որ խօսքը գործի վերածելը իր էութեան ամէնէն հարազատ յատկանիշներէն է, իր վարկի ու հեղինակութեան հիմնական աղբիւրներէն: Խմբագրական խօսքը, առաւել եւս, գործի ու աշխատանքի ուղենիշ պէտք է ըլլայ, ուրեմն իւրաքանչիւր բառի, իւրաքանչիւր նախադասութեան համար, ուշ կամ կանուխ, հաշիւ պիտի տրուի, հաշիւ պիտի պահանջուի:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «ԱՍՊԱՐԷԶ»-ի կայքում