ISIS («Իսլամական Պետութիւն») Ահաբեկչական խմբաւորումը ծանր մարտեր մղելէ ետք հասաւ Սուրիոյ մայրաքաղաքէն 215 քլմ. հիւսիս արեւելք գտնուող Թատմոր (Փալմիրա) քաղաքի դռները: Թատմորը (Արամերէն) կամ Փալմիրան Եունեսքոյի կողմէ հաստատուած Սուրիական պատմական քաղաքներու ցուցակին 6-րդն է: Պատմութեան մէջ անոր մասին առաջին անգամ կը յիշատակուի Քրիստոսէ առաջ 19-րդ դարուն, երբ ան կը համարուէր ծոցի երկիրներէն դէպի միջին արեւելք տանող կարեւոր կայան: Փալմիրան, որ ճանչցուած է այլ անուններով՝ ինչպէս օրինակ՝ «Անընկճելի քաղաք», «Հրաշքի Քաղաք», «Անապատի Ոստրէ» եւ այլ անուններով իր «Փալմիրա» անունը առած է Հռոմէացի Ատրէան կայսրէն , երբ (Յետ Քրիստոս) 129 թուին կոչուած է «Ատրիանա Փալմիրա» դառնալով՝ ինքնավար քաղաք: Աւելի ուշ 3-րդ դարուն անոր Զանուպիա թագուհին բազմաթիւ յաղթանակներ տանելով հասած է մինչեւ կեդրոնական Ասիա: Նոյն թագուհին 273 թուին պարտութեան կը մատնուի եւ Օրլէան կայսրին կողմէ, որպէս ռազմագերի կը տարուի Հռոմ: Հազարէ աւելի սիւներով հարուստ այս քաղաքը մինչեւ 2011 թուական, այսինքն Սուրիոյ պատերազմին սկիզբը տարեկան կտրուածքով կ’ընդունէր 150 հազար զբօսաշրջիկ: Թատմոր քաղաքը նաեւ յայտնի է Ասատեան վարչակարգի ամէնէն տանջալից պայմաններ ունեցող բանտերէն մէկով:
AFP լրատուական գործակալութեան համաձայն Փալմիրայի գրաւումով ISIS տիրապետած կ’ըլլայ Սուրիոյ տարածութեան գրեթէ կէսին այսինքն շուրջ 90 հազար քառ. քլմ. տարածութեան:
Երբ ամիսներ առաջ տարբեր առիթներով վերլուծաբաններ կը խօսէին Սուրիան բաժնելու ծրագրի մը մասին այդ մէկը անկարելի կը համարուէր: Այսօր սակայն իրականութիւնը տարբեր է: Մինչ Պաշշար Ասատի ուժերը Լիբանանեան «Հըզպալլա»ի կրնակ տալով կը յաջողին դրական ձեռքբերումներ ունենալ յատկապէս Լիբանանի հետ սահմանային շրջաններուն վրայ ( Քալամուն, Ֆլիթա, Պարուհ եւ Մուսա լեռնագագաթներ) անդին Սուրիոյ հարաւային եւ հիւսիսային շրջանները ամբողջութեամբ կ’անցնէին ընդդիմութեան տարբեր հատուածներու ձեռքը: Սկսեալ Իտլիպ նահանգէն ու հասնելով մինչեւ Արիհա կոչուած շրջանը: Տակաւին ծանր մարտեր կը մղուին տարբեր շրջաններու մէջ ու նոր երեւեցած «Ժայշ Ալ Ֆաթհ» ջոկատը կարեւոր յաղթանակներ կը գրանցէ: «Հըզպալլա»ի համար կարեւոր կը մնայ նաեւ փակել դէպի Լիբանանեան Արսէլ Աւան Սուրիայէն անցքը:
Պէտք է յիշեցնել, որ Արսէլը լիբանանեան Սիւնիի բնակչութեամբ աւան մըն է, որուն բնակչութեան թիւը կը հասնի 40 հազարի: Արսէլ աւանի խնդիրը ներլիբանանեան առումով եւս կարեւոր նշանակութիւն ունի: Տարբեր առիթներով այս աւանը հանդիսատես եղած է վտանգաւոր զարգացումներու եւ մտավախութիւն կայ, որ «Հըզպալլա» փորձէ ամէն գնով լիբանանեան բանակը Սուրիոյ ընդդիմադիր զօրքերուն հետ նոր բախումներու տանիլ: Այս խնդիրը նոր շեշտադրում կը ստանայ մանաւանդ Իրանի իսլամական հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդի խորհրդատու եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար ՝ Ալի Աքպար Ուիլայաթիի Պէյրութ ու ապա Դամասկոս տուած այցելութիւններէն ետք:
Պէտք է միշտ վերյիշել, որ Իրան- արեւմուտք բանակցութիւններուն առընթեր ցանկացած լարուածութիւն ուղղակիօրէն կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանի վրայ: Այսինքն «Հըզպալլա»ն է, որ կը շարժէ իրանեան քարերը շրջանին մէջ եւ այդպիսով Իրան կը փորձէ միաւորներ հաւաքել: Յոռեգոյն պարագային իրանցիք կրնան բանակցութիւններու ձախողումը յետաձգել կամ իրենց պայմանները բարելաւել: Իրանի համար Եէմէնի «պարտուած» խաղաքարտէն ետք Սուրիան ու Լիբանանը անսակարկելի են: Նոյն շրջագիծին մէջ պէտք է տեղադրել իրանցի դիւանագէտին Դամասկոսի մէջ ըրած յայտարարութիւնները, երբ ան անտեսելով վարչակարգին վերջին շրջանին կրած պարտութիւնները կը գովերգէր Ասատեան ուժերուն «սխրանքները»: Իտլիպի պարտութիւնը Ասատի համար այսօր կը դառնայ երկրորդական խնդիր: Վարչակարգը մինչ զբաղած է ներքին կարգաւորումներով արդէն անզօր է ընդդիմութեան նոր հոսքին դիմաց հակագրոհներ ընել: Օրինակ նոյն Իտլիպի ծայրերուն գտնուող «Ալ Մասթումա» զօրակայանին անկումը անվերականգնելի է:
Այս նոր ձեւաւորումով պարզ կը դառնայ, որ Սուրիան լրջօրէն կանգնած է բաժանման եզրին: Ըստ նոր ձեւաւորման երկիրը կրնայ բաժնուիլ, երկու հաւասար մասերու: Մինչ գործող վարչակարգին բաժին պիտի իյնայ Դամասկոսի կեդրոնական հատուածը, Հալէպի գրեթէ կէսը, Թարթուս քաղաքը(ուր կը գործէ Ռուսական խարիսխը), ամբողջութեամբ եւ Հոմս քաղաքին կարեւոր հատուածները, ուր Ասատեան ուժերը իրենց տիրապետութիւնը կը տարածէն Ալ Քուսայր քաղաքէն մինչեւ Լիբանանի հետ սահմանային հատուածները: Կան նաեւ Լաթաքիան ու անոր շրջակայից շրջանները ինչպէս նաեւ Հոմսի կարեւոր մէկ հատուածը:
Դիմացի կողմին համար կարեւորագոյն կեդրոններ են ՝ Տէր Զօրը, դարձեալ Հալէպի կէսը, Րաքքան, Իտլիպը եւ Յորդանանի հետ սահմանակից Տարհա քաղաքի կարեւորագոյն շրջանները: Ընդդիմութեան շարքերուն մէջ ISIS-էն բացի կան «Ժէյշ Ալ Ֆաթհ»ը, «Ալ Նըսրա» ճակատը, Սուրիոյ «Ազատ բանակ»էն «մնացած» փոքր ջոկատները ինչպէս նաեւ քրտաբնակ Հասաքէի եւ Քոպաննի մէջ գործող քրտական ջոկատները: Այս շրջաններուն մէջ սպասելի են կարեւոր փոփոխութիւններ, այն իմաստով, որ միջազգային դաշնակից ուժերու կողմէ ծանր հարուածներու տակ կքող ISIS-ը կրնայ ձեւափոխուիլ ու անոր առաջին շարքի ղեկավարութեան նահանջին հետեւանքով նոր կերպարանքով հանդէս գալ: Բացի այս ենթադրութիւնէն պէտք է նաեւ նկատի առնել, որ Միացեալ Նահանգներու օրհնութեամբ Իրաքի եւ այլ վայրերու մէջ սուրիական ոչ ծայրայեղական ջոկատները յառաջիկայ հանգրուանին կրնան երեւիլ մարտադաշտին վրայ:
Ասատ զիջելու տեղ չունի: Նոր քարտէզին համաձայն ան պիտի դառնայ փոքր Ալէւի Սուրիոյ մը առաջնորդը ու հակառակ անոր, որ շատ կը խօսուի (յատկապէս Սիւնիի աշխարհին կողմէ) անոր պարտութեան կամ Սուրիոյ ապագային մէջ դեր մը չունենալուն մասին շրջանային որոշիչ ուժերուն համար ան արդէն «գոյութիւն» չունի:Այսինքն, եթէ Պաշշար Ասատ նոյնիսկ իշխանութեան վրայ մնայ ան շրջանային մակարդակի «խաղացող» մը պիտի չըլլայ այլեւս: Րիատի, Անգարայի եւ Թէլ Աւիւի համար շատ աւելի տանելի է այսօրուան Ասատը քան ասկէ 6 տարիներ առաջ Հաֆէզ Ասատի ժառանգորդ Պաշշար Ասատը: Թոյլ, պատերազմէն տկարացած ու մանաւանդ «Հըզալլա»ին «տիրապետութեան» տակ եղող Ասատը վտանգաւոր չէ վերը նշուած երկիրներուն համար: Նոր եւ հաւանական քարտէզի որդեգրումով, Իրան իր համաձայնութիւնը տալէ ետք կրնայ նոյն համոզումները «հրամցնել» Փութինի Մոսկուայէն: Նման մօտեցումով մը, առնուազն կարելի կ’ըլլայ դադար տալ արիւնայեղութեամբ եւ անմարդկային աննկարագրելի սպանդներով լեցուն պատերազմի այս փուլին:
Այդ հանգրուանէն անմիջապէս ետք գալիք հանգրուանը կրնայ յատկանշուիլ Շիիթ «իշխանութեամբ» ղեկավարուող Սուրիոյ մը երեւումով: Մինչ Ասատի հաւանական հովանաւորութեան տակ եղող շրջանները կրնան աւելի խաղաղ շրջաններ դառնալ անդին ընդդիմութեան ափին վրայ եղող հատուածներուն մէջ պատկերը կը թուի աւելի մոխրագոյն ըլլալ: Մտահոգիչ է նաեւ, որ ընդդիմութեան տիրապետութեան տակ յայտնուած աւաններուն մէջ ներ- իսլամական կռիւները կրնան երկար տեւել եթէ շրջանին առընթեր կարեւոր դեր ունեցող երկիրները դիրքերու բաժանում չեն կատարած: Սուրիական նաւթի «բարիքներ»ը բնականաբար կ’ուզեն քաղել Րիատն ու Քաթարը իսկ Թուրքիա պիտի ուզէ հիմնարար եւ որոշիչ դեր ունենալ քաղաքները վերակառուցելու գործընթացներուն մէջ:
Ասատեան հատուածներուն մէջ ճակատագրական պիտի ըլլայ Ասատի Ալէւի բանակին եւ Շիիթ «Հըզպալլա»ին միջեւ յարաբերութիւնները: Շատ բնական է, որ նոր կացութեան մէջ «Հըզպալլա» յաւելեալ իրաւասութիւններ պիտի պահանջէ եւ այդ մէկը կրնայ լուրջ լարուածութիւններ ստեղծել երկու կողմերուն միջեւ նկատի առնելով նաեւ անոնց միջեւ եղած գաղափարական շեշտուած տարբերութիւնները:
Ճիշդ է, որ շատ կանուխ է այդ հաւանական ընդհանրումներուն մասին խօսիլ, բայց եւ այնպէս երեւելի է , որ Սուրիան նոր բաժանումի հանգրուանի մը նախասեմին է ու այդ հանգրուանի նախնական քարտէզը գծուած է ոչ միայն արտաքին թելադրանքներով այլ պատերազմներու բերած նոր սահմաններով ու բաժանումներով:
Այս իրավիճակին մէջ կրնան նոյնպէս ջուրը իյնալ հայութեան «կարեւոր գաղութ»ը պահելու մասին բոլոր ենթադրութիւնները: Հայութիւնը պիտի ընդունի՞ կամ պիտի կարողանայ բաժնուած Սուրիոյ մը մէջ ապրիլ: Այս բոլորը կրնան ենթադրութիւններ սեպուիլ, բայց չմոռնանք, որ թերեւս 2012-ին երբ խօսակցութիւններ կային այն մասին, որ Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած հակավարչակարգային շարժումը կրնար ծանր ու անսպասելի արդիւնքներով լեցուն շրջանի մը սկիզբը դառնալ կար մեծամասնութիւն մը, որ ոչ միայն վերապահութեամբ կ’ընդունէր այս տիպի խօսքերը, այլ նաեւ վստահ էր, որ Ասատ պիտի յաղթանակէ: Սուրիահայերու մեծագոյն տոկոսին համար վարչակարգը ցայսօր անպարտելի է : Կան հազարաւոր Սուրիահայեր, որոնք օր ն ի բուն կը սպասեն, որ Ասատ յաջողի վերամիացնել Սուրիան, պատերազմին դադար տայ եւ երկրին վերադարձնէ իր երբեմնի փառքի օրերը: Սակայն ճակատումները, Սուրիան վերածած են վիրաւոր, թոյլ, հազար ու մէկ բարդ խնդիրներու առջեւ կանգնած տագնապահար եւ հիւծուած երկրի մը: Եւ այս պարունակին մէջ հայութեան համար կորուստները նոյնպէս շատ ծանր են ու անդարմանելի: Այլ թեմա է, ու այլ յօդուածի նիւթ է, թէ արդեօ՞ք հայերս եթէ աւելի մեծ լրջութեամբ մօտենայինք պիտի կարողանայի՞նք սուրիահայութիւնը տարհանելով թերեւս Հայաստանի մէջ պահպանել անոր «հաւաքական ներկայութիւն»ը: Տակաւին չենք խօսիր անոնց մասին, որոնք առանց ետեւ նայելու հասած են Շուէտ, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ այլ վայեր: Անոնք այսօր արդէն նոր կեանք կերտած են ու անգամ չեն մտածեր իրենց ցաւալիօրէն աւերակուած ու վիրաւոր ծննդավայրին մասին:
Կը մնայ նոր ընկալումներով քննարկել Սուրիոյ մէջ ամրագրուող դէպքերը, որովհետեւ վստահաբար Սուրիան այսօր նոր եւ շատ հաւանաբար բաժանումի սեմին է:
Սագօ Արեան