Դժուար է, ահաւոր դժուար սովորոյթի ճիրաններէն ազատիլը, նոր գործելակերպ, նոր աշխատելաոճ որդեգրելը: Դժուար է անհատներու, առաւել դժուար՝ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու համար:
Այսուհանդերձ, բոլորս ալ՝ միութենական, կուսակցական բոլոր կառոյցներով, պարտաւոր ենք ձերբազատիլ սովորական գործելոճէն ու փնտռել նոր ուղիներ՝ թէ՛ նոր ուժեր ներգրաւելու եւ թէ նոր շրջանակներու հասնելու համար:
Իսկապէս, այս տարուան Ապրիլեան մեր քայլարշաւէն ետք չենք կրնար անցեալի կշռոյթով շարժիլ, աշխատիլ: Չենք կրնար բաւարարուիլ մեր ընթացիկ ժողովներով, ընթացիկ ծրագիրներով, աւանդական դարձած ձեռնարկներով: Մեր՝ մեր գործունէութիւնը գնահատելու չափանիշն է, որ հիմնովին քանդուած է այլեւս: Այո, բարձր է, շատ բարձր Արդարութեան Քայլարշաւի հաստատած նշանաձողը եւ ուզենք չուզենք մեր իւրաքանչիւր ծրագիրը, իւրաքանչիւր աշխատանքը անոր հետ պիտի համեմատուի, ու կրնաք երեւակայել ինչպիսի յուսախաբութիւններու դուռներ կը բացուին:
Հեգնական կրնայ ըլլալ, բայց փոխանակ ցնծութեամբ գինովնալու, ի վերջոյ միասնաբար հզօր ուժի ցուցադրութիւն մը կատարեցինք, այսօր աւելի շատ ընկճուելու տրամադրութեան կրնանք յանձնուիլ, եթէ մեր ժողվուրդի հրաշալի զաւակներուն կողմէ ստեղծուած իրողութեան հետ հաշտուիլը նախապայման չընդունինք եւ չպատրաստուինք վերցնելու նոր ուղիներ գտնելու մարտահրաւէրը:
Կարդացեք նաև
Հեգնական կրնայ ըլլալ նաեւ այն, որ օրացոյցի պարգեւ հանդիսացող (Ապրիլ 24ի օրը, հարիւրամեակը) այս մեծ ցուցադրութեան ուժականութիւնը պահպանելու համար թերեւս նկատի պէտք է առնենք օրացոյցի տիրապետութենէն ազատագրուելու կարելիութիւնը, որպէսզի մեր հնարաւորութիւնները չվատնենք սոսկ յոբելեաններ ու տարեդարձներ տօնակատարելու ճիգին մէջ:
Սկսինք փնտռելու, տքնելու՝ մինչեւ որ յայտնաբերենք հզօրութեան գաղտնի ճանապարհները:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ