Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հին եւ նոր «Քէմբ Տէյվիտ»-ներու մասին

Մայիս 18,2015 15:15

Ամերիկեան Մէրի Լէնտ նահանգի «Քէմբ Տէյվիտ» աւանին մէջ գումարուեցաւ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու միջեւ գագաթաժողովը: Քէմբ Տէյվիտի անունը մեզմէ շատերուն համար կարեւոր եւ պատմական հանգրուան մը կը յուշէ: Այսպէս 1978 թուականին Քէմբ Տէյվիտի մէջ կայացան Արաբ- Իսրայէլեան համաձայնութեան նախնական քննարկումները, որոնք պսակուեցան տարի մը անց ՝ 1979-ին Ուաշինկթընի մէջ կնքուած համաձայնութեամբ: Համաձայնութիւնը նոր հանգրուան կը բանար իսրայէլեան համակամարտութեան օրագրութեան մէջ: Այդ ժողովին Եգիպտոսը կը ներկայացնէ Անուար Ալ Սատաթ իսկ Իսրայէլեան կողմը Իսրայէլի վարչապետ ՝ Մէնահիմ Պէկին:

Բանակցութիւնները տեղի կ’ունենային Ամերիկայի «խաղաղարար» նախագահ Ճիմի Քարթըրի «օրհնութեամբ»: Եգիպտոս եւ Իսրայէլ կը շահէին ն այս համաձայանգրէն, հակառակ անոր որ տարիներ անց 6 Հոկտեմբեր 1981-ին Գահիրէ մէջ զօրահանդէսի մը ընթացքին նախագահ Անուար Սատաթ զոհ կ’երթար «իսլամ եղբայրներ»ի կողմէ արձակուած գնդակներու: Կը զոհուէր Սատաթը սակայն Քէմբ Տէյվիտ համաձայնագրին հիման վրայ սկիզբ առած Եգիպտոս- Իսրայէլ փոխ հասկացողութիւնը կը շարունակուի ցայսօր:

Camp-David@@@Այսօրուան Քէմբ Տէյվիտի հանդիպումը բոլորովին այլ հարթութեան վրայ է:Մինչ 1978 –ին Քէմբ Տէյվիտը կը միտէր երկու թնշամի կողմերը իրար մօտ բերել ստեղծելով խաղաղ Միջին Արեւելեան նոր միջավայր մը այսօր ԱՄՆ-ու նախագահ Պարաք Օմապա այս հանդիպումով կը փորձէ ոչ միայն միաւորներ վաստակիլ այլ նաեւ իր արաբական ծոցի «պատմական» դաշնակիցներուն ապահովութիւններ տալ, որ Իրանի հետ ցանկացած համաձայնութիւն ուղղուած չէ անոնց դէմ: Սոյն ժողովին Օպամային տրուած ամէնէն վատ «նուէր»ը Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին ժողովէն բացակայութիւնն է: Ու հակառակ անոր, որ Սէուտական տարբեր լրատուական աղբիւրներ կը հերքեն, որ սոյն բացակայաութիւնը հասկնալի պատճառներւ բերումով է սակայն բացայայտ է, որ թագաւորը զինք նախորդած Ապտալլա թագաւորին ձեւաչափերով չի շարժիր:

kamp daved KingԹագաւորութեան սեղանին վրայ կարեւորագոյն օրակարգեր կան, որոնց առընթեր Միացեալ Նահանգներ բաւական անպատասխանատու կեցուածքներ որդեգրեց: Դամկոլեան սուրի վերածուած սուրիական տագնապին առընթեր ԱՄՆ կրնար աւելին ընել, բայց չըրաւ: Ան նոյնիսկ ձեռնպահ մնալէ անդին երթալով իր դիւանագիտութեան պետին ՝ Ճոն Քէրի բերնով յայտարարեց, , որ կարելի է խօսիլ եւ երկխօսութեան նստիլ Ասատին հետ: Այս բոլորէն անդին Արաբական ծոցի երկիրներու համար բարդ հարց է Իրանի կորիզային երկիր դառնալու ընթացքը: Մինչ տարբեր աղբիւրներ կը խօսին, որ Իրան արդէն 2008 –էն ի վեր կորիզային զէնքի կը տիրապետէ ԱՄՆ-ու հետ ցանկացած համաձայնութիւն կրնայ Իրան աւելի հզօրացնել:

Այս առումով է նաեւ պէտք է ըսել, որ Քէմբ Տէյվըտի այս հանդիպումը ջրբաժան հանդիպում է այն իմաստով, որ ժողովին ետք պարզ պիտի դառնան Արաբական Ծոց – Ամերիկա «առեւտուր»ին վերջին նիշերը: Սէուատական Արաբիոյ համար կան երեք կարեւոր պայմաններ, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ Իրաքի եւ Եէմէնի:

kamp davvid 2015Եէմէնի մէջ սկիզբ առած զինուորական գործողութիւնները տակաւին երկար ժամանակ կրնան տեւել եւ այդ առումով Սիւննի աշխարհը Իրանին կողմէ Հաուսիներու ցոյց տրուած նեցուկին դադրեցումը պիտի պահանջէ: Եէմէնի խնդրին հանգուցալուծումը կրնայ նոյնս Սուրիոյ տագնապին համար լուծման նոր ճանապարհներ բանալ մանաւանդ, որ գետնի վրայ Սուրիական ընդդիմութեան ջոկատներ սկսած են երեւելի առաւելութիւններ գրանցել: Պակաս կարեւոր չէ նաեւ Իրաքի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն անվտանգութեան հարցը ու այնտեղ Շիիթ խմբաւորումներուն առաջընթացին կասեցումը: Ամերիկայի համար այս բոլորէն անդին կարեւոր է նախագահ Պարաք Օպամայի անկում ապրած վարկին դրական նոր լիցք հաղորդել ու նաեւ Իրանը սիրաշահիլ: Ասկէ զատ նաեւ երեւելի է, որ ԱՄՆ շրջանին համար նոր ծածկագիր- ղրագիր մը ունի եւ այս առումով Քիւրտիստանի նախագահ ՝Մասուտ Պարազանիի շաբաթներ առաջ Սպիտակ Տուն տուած այցելութիւնը բնաւ պատահական չէ:

Սուրիական տագնապին հանգուցալուծման ուշացումը եւ անկարելի թուալը կապ ունի «մէկ տան» մէջ առկայ տարակարծութիւններուն հետ: Քէմբ Տէյվիտի հանդիպումները նաեւ այս ուղղութեամբ որոշիչ դեր կրնայ ունենալ: Հոն կայացած նախնական համաձայնութեան մը պարգային յառաջիկայ օրերուն այն տագնապին նոր դրական հուն մը մտնելու առաջին նախանշանները կրնան երեւիլ: Արաբները համաձայնելու համար գացին Միացեալ Նահանգներ: Իսկ ԱՄՆ-ու համար աղօտ քաղաքական խաղերու ժամանակը արդէն աւարտած է: Շրջանը կարիք ունի յստակ ձեւակերպումներու եւ քաղաքական նոր համաձայնութւններու:

Այս հանդիպումը կարեւոր է սակայն շրջանին համար աւելի անհրաժեշտ է Շիիթ-Թեհրանն ու Սիւննի -Րիատը նոյն սեղանին նստին: Այդ հանդիպումը ցարդ հորիզոնին վրայ չերեւիր սակայն բացորոշ է, որ եթէ Օմապայի նախագահութեան հանգրուանին երկու «ոխերիմ» կողմերը երկխօսութեան չյաջողին երթալ, ապա Ամերիկայի գալիք նախագահի օրերուն այդ ոխը աւելիով պիտի աճի եւ ԱՄՆ լաւագոյնս պիտի օգտուի այդ հակամարտութիւնէն: Իրանի նախագահը զբաղ է Ամերիկայի հետ համաձայնութեամբ, Իրաքի նախագահը ընդունելով եւ Եէմէն ու Պէյրութ ուղղակի միջամտութիւններով մոռնալով , որ որեւէ ժամանակէ աւելի ինք կարիք ունի Սիւննի աշխարհին հետ խօսելու:

Պատմական կարեւոր պատգամներ պարունակող եւ խաղաղութեան համար կերտուած Քէմբ Տէյվիտի ոգին այսօր կը բացակայի աշխարհէն:

Ներկայիս ԱՄՆ-ու ղեկավարութեան այդ վայրի ընտրութիւնն անգամ անտեղի է, որովհետեւ ուզենք կամ ոչ այսօրուան հանդիպումը կը փոխկապակցուի խաղաղութիւն կերտած Քէմբ Տէյվիտին հետ:

Սխալ չէ, որ Միացեալ Նահանգներ կը մնայ իր հզօրութեան վրայ բայց նախագահ Պարաք Օպամայի «աշխարհը փոխելու» եւ խաղաղութիւն կերտելու բոլոր խոստումները արդէն ջուրը նետուած են: Նոյնը կարելի է ըսել Պաղեստին- Իսրայէլեան հակամարտութեան համար, որ այսօր ուռած եւ պալարով լեցուն վէրքի տեսք ունի:

Քէմբ Տէյիտը ժողովը դրական նշան մը կրնայ դնել Օպամայի անուան առջեւ սակայն, անոր «Տէմոքրաթ» կուսակցութեան համար յառաջիկայ ընտրութիւններուն յաղթանակ տանելու բոլոր կամուրջները կարծես թէ այրած են: Ու ամենակարեւորն այն է, թէ այդ հանգրուանին շրջանին մէջ խաղաղութեան համար կայանալիք «Քէմբ Տէյվիտ»ներ դժուար թէ իրականութիւն դառնան:

 

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031