Ուաշինկիթըն գացողը անպայման պէտք է այցելէ 1711 N St NW հասցէին գտնուող Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի շէնքը: Գլխաւոր դռնէն ներս կը մտնես, կը բարձրանաս երրորդ յարկ, ուր կեանքը կ՛եռայ, ուր կայ աշխատանքային այնպիսի մթնոլորտ մը, զոր խանգարել պիտի չուզէիր:
Անձնակազմը՝ երիտասարդ տղաներ ու աղջիկներ, սիրալիր են ու անմիջապէս հանգիստ կը զգացնեն այցելուները: Մեր պարագային, առաւել եւս հանգիստ էինք, որովհետեւ հարիւրամեակի ձեռնարկներուն մասնակցողներուն համար յատուկ ընդունելութիւն կազմակերպուած էր. ուրեմն մեզ կը սպասէին ու խանգարելու մասին պէտք չէր մտահոգուէինք:
Գրասենեակի տնօրէն Համբարեան Արամը չկար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ կը հանդիպէր: Արամը այդ հանդիպման էր եւ զինք ճանչցող ոեւէ մէկը կրնայ ենթադրել, որ նախագահը շատ ալ հանգիստ չէ թողնուած եւ անպայման պարտաւորուած է պատասխանելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու մութ ծալքերուն մասին:
Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզնաղբյուր կայքում