Գանատայի Ծերակոյտը վերահաստատած է դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով` վերահաստատելով 2002 թուականի Յունիսին ընդունած բանաձեւը: «Եռագույն»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Horizonweekly.com-ը:
«Պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Գանատան հաւատարիմ կը մնայ այն սկզբունքներուն, որոնք մենք տարածած են ողջ աշխարհի մէջ: Իւրաքանչիւր երկիր, որ կը փափաքի ճնշել իր անցեալը, իւրաքանչիւր երկիր, որ չի առերեսուիր անցեալին, ձախողման լուրջ վտանգի կ՝ենթարկէ սեփական պատմութենէն իրենց ազատելու հնարաւորութիւնը», իր յայտարարութեան մէջ նշած է ծերակուտական Թանհ Նայի Նկոն: Ան ընդգծած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին «այս ծանրագոյն յանցագործութիւնը կը մնայ անպատասխան, քանի որ Թուրքիան կը հրաժարի զայն ճանչնալ»:
«Գանատայի խորհրդարանը անտարբեր չմնաց Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ տեղի ունեցած կոտորածներուն: Մենք պէտք է քաջալերենք արդարութիւնը, մարդու իրաւունքները, հանդուրժողականութիւնը եւ ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութիւնը, քանի որ այդ է ճիշդը: Ինծի համար պատիւ է խօսիլ այս պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին, եւ վերահաստատելու մեր անփոփոխ յանձնառութիւնը 44 բանաձեւին, որ ընդունուած է 2002 թուականի Յունիսին»,- ըսած է ծերակուտականը:
Գանատայի Ծերակոյտի խօսնակ Լէօ Հուսագոսը բացման խօսքին մէջ եւս անդրադարձած է Ցեղասպանութեան փաստին, ինչպէս նաեւ ողջունած Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանին եւ դահլիճի մէջ ներկայ հայ համայնքի միւս ներկայացուցիչներուն: