«Ազդակ» օրաթերթն ու «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ունեցած է միացեալ հարցազրոյց մը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարած է «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Պչաքճեան նոր վերադարձած է Հալէպ կատարած իր այցելութենէն, հարցազրոյցը առիթ մը եղած է արծարծելու Հալէպի եւ հալէպահայութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններն ու հարցականները:
Անդրադառնալով Հալէպի ընդհանուր կացութեան` Պչաքճեան յայտնեց, թէ ճիշդ է, որ Հալէպի մէջ պատերազմական վիճակը կը գոյատեւէ 3 տարիէ ի վեր, սակայն հակամարտող կողմերու դիրքերուն մէջ մեծ փոփոխութիւն չկայ: Ան հաղորդեց, որ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, որ վերջերս վնասներ կրած էր, վերանորոգման ընթացքի մէջ է եւ վնասուելուն 2րդ օրն իսկ արդէն վերսկսած է գործել:
Պչաքճեան ըսաւ, որ Հալէպի մէջ միասնականութիւնը կարելի է տեսնել բոլոր մակարդակներուն վրայ: Գաղութը կազմակերպ է, եւ այդտեղ կազմակերպուող ձեռնարկները ցոյց կու տան, որ գաղութը կենսունակ է: Իբրեւ գաղութի կազմակերպուածութեան օրինակ ան նշեց, որ ամսական դրութեամբ Հալէպի բնակչութեան կը բաժնուի 8000 նպաստ, որոնցմէ մօտ 1000ը` ոչ հայերու:
Կարդացեք նաև
Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում