Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լիբանանի քաղաքական սպաննութիւններու արիւնոտ Թղթածրարը

Մայիս 12,2015 15:19

Լիբանանեան Տիւրզի համայնքի ամէնէն հեղինակաւոր առաջնորդը ՝Ուալիտ Ժոմպլաթ անցող օրերուն իր վկայութիւնը տուաւ Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան գործը քննող միջազգային դատարանին առջեւ: Լիբանանցիներու մեծագոյն տոկոսին համար միջազգային դատարանի գործընացը ոչ միայն կարեւոր է, այլ նաեւ դատաիրաւական գործընթաց մը ըլլալէ անդին նոր հանգրուանի մը առաջին փուլը կը համարուի: Լիբանանը քաղաքական սպաննութիւններու «դրախտ» է: Պէյրութ, 14,Փետրուար, 2005-էն ի վեր մինչեւ 27, Դեկտեմբեր, 2013-ը զանազան ցնցիչ սպաննութիւններու թատերաբեմ դարձաւ:

14 Փետրուար 2005-ին Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի իր տասնեակ ընկերակիցներուն հետ զոհ գնաց ոճրային պայթումի մը եւ սպաննութիւններու օղակը փակուեցաւ (արդեօ՞ք) 27 Դեկտեմբեր 2013-ին, երբ նոյն Ռաֆիք Հարիրիի խորհրդատուն եւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամմատ Շաթահ զոհ գնաց ոճրային ականուած ինքնաշարժի պայթումի մը: Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ թելադրական ուժ եւ օրակարգ ստեղծելու կարողութեան տէր ՝ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութիւնը անկասկած, որ անկիւնադարձային էր: Այդ հանգրուանէն ետք պատահած դէպքերը կը խօսին հակամարտող երկու ուժերու մասին:

political Killings Mian

 

14 Մարտ 2005-ին Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան դէմ բողոքելու համար փողոց իջած շուրջ մէկ Միլիոն քաղաքացիները կը պահանջէին Սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռացումը, որ տեղի պիտի ունենար աւելի ուշ ՝ 27 Ապրիլ 2005-ին: Միւս կողմէ կը գոյանար Սուրիական վարչակարգին համակիր հանդիսացող ուժերու դաշինքը, որ կը մկրտուէր 8 Մարտ անունով (տրուած ըլլալով, որ բրօ- Ասատեան ուժերը իրենց մեծագոյն հաւաքը կայացուցած էին 8,Մարտ, 2005-ին): Այսպէս երկիրը կը բաժնուէր երկու քաղաքական խմբաւորումներու միջեւ եւ այս բաժանումը կը տարածուէր երկրի բոլոր ոլորտներէն ներս: Երեւելի էր, որ բաժանումը կրօնական խորք չունէր, որովհետեւ տուեալ երկու քաղաքական ուժերուն մէջ կային թէ քրիստոնէական եւ թէ իսլամական թեքումով ու պատկանելիութեամբ ուժեր: Լիբանանի մէջ աճած այս շարժումը կը կոչուէր «մայրիներու յեղափոխութիւն» եւ կը համարուէր աւելի ուշ յայտնուած «արաբական գարնան» ճանապարհ հարթող հանգրուան մը:

10 տարիներու քաղաքական եւ ապահովական ցնցումներով լեցուն հանգրուանը տակաւին չէ հասած իր լրումին:Երկիրը այսօր նոյնիսկ նախագահ չունի: Այս բոլորէն անդին սպաննութիւններու, ներքին բախումներու, անսպասելի լարումներու ժամանակը չէ աւարտած: Անկախ անկէ, որ Լիբանան երկար ժամանակէ ի վեր միջին արեւելեան բարդ խնդիրներու եւ շրջանային ազդեցիկ երկիրներու բախման կէտն է, այսօր դարձած է Իրան- Սէուտական Արաբիա հիմնական կռուախնձորը:Սակայն «լիբանանեան հարց»ի գլխաւոր կիզակէտային կեդրոնը՝ Սուրիան է: Սուրիոյ մէջ ընթացող դէպքերը կրնան ուղղակի ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանի վրայ եւ այս առումով պէտք է վկայել, որ Լիբանանցի Սիւննիներու գլխաւոր առաջնորդ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կարեւոր ճիգեր կ’իրականացնէ Սուրիոյ հրդեհները Լիբանանէն հեռու պահելու համար:

Հարիրիի միջազգային թատերաբեմին վրայ երեւումները (Ուաշինթըն, Րիատ եւ յառաջիկայ օրերուն շատ հաւանաբար՝ Մոսկուա) զինք դարձուցած են որոշադրող դեր ունեցող քաղաքական դէմք: Այս բոլորին կողքին Լիբանանի համար ստեղծուած միջազգային դատարանին հեզասահ ընթացքը եւ օրեր առաջ Տիւրզի թիւ մէկ ղեկավարին երեսփոխան՝ Ուալիտ Ժոմպլաթի տուած վկայութիւնը կը կարեւորուի միւս բոլոր վկայութիւններէն: Պէտք է յիշել, որ Ուալիտ Ժոմպլաթի հայրը սպաննուած է 16, Մարտ,1977-ին իր ծննդավայրին մօտ եղող ՝ Պաաքլին աւանին մէջ: Քամալ Ժոմպլաթ, եղած է Լիբանանի արդի պատմութեան կարեւորագոյն դէմքերէն մին ու Լիբանանի «յառաջդիմական» ուժերու հիմնական դէմքը: Ան իր ընկերվարական հայացքներով պայքարած է այդ օրերուն աջակողմեան ըմբռնումներ ունեցող իշխանութիւններուն դէմ:

assad  kamal

 

Ճիշդ, է որ Լիբանան գաղթած Պաղեստինցիներու զինուորական ներկայութիւնը (Եասէր Արաֆաթի առաջնորդութեամբ) եւ անոնց, երկիրը զինուորական դաշտի վերածելու ճիգերը ծանր արժեցին Ժոմպլաթի ուսերուն սակայն պարզորոշ է, որ անոր համար պայքարի գլխաւոր թիրախը ընկերային արդարութիւն ու նաեւ համայնքին հաւասարութիւն ստեղծելն էր: Վերադառնալով Միջազգային դատարանի խնդրին, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առանց թաքցնելու կը յայտարարէր, որ իր հայրը, սպաննուած է Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հրամանով: Ժոմպլաթ ոճրադատական տուեալներ չտուաւ ու ըսաւ, որ իր մեղադրանքը քաղաքական է: Ան նոյնը ըսաւ Հարիրիի սպաննութեան մասին ու յիշեցուց , որ միջազգային դատարանի դերը այդ սպանութիւններու բացայայտումն է:

Լիբանանի պատմութեան մէջ կարմիր արիւնով պատրաստուած թղթածրար մըն է քաղաքական գործիչներու սպաննութեան թղթածրարը: Երկու նախագահ, մի քանի վարչապետ հինգի չափ կրօնական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, տասէ աւելի քաղաքական գործիչներ եւ տասնեակ լրագրողներու սպաննութեան թատերաբեմ դարձած երկրին համար կարեւոր է, որ այս հանգրուանին բացայայտուին Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն սպաննութիւնը կազմակերպող կողմերուն ինքնութիւնը: Լիբանանի 8 Մարտի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն համար միջազգային դատարանը արժէք չունի: Կայ նաեւ այլ խնդիր մը, որ արդեօք միայն Ռաֆիք Հարիրին էր, որուն սպաննութիւնը արժանի է բացայայտման: Այս մասին բարձրաձայն խօսողները սակայն կը մոռնան, որ Սիւնիի վարչապետի սպաննութեան բացայատումով կանգ պիտի չառնէ արդարութեան մուրճին աշխատանքը: Հարիրիի սպաննութիւն բացայայտումը շատ մը այլ թղթածրարներու հանգուցալուծումը պիտի ընէ:

Այդ բացայայտումները կարողութիւնը պիտի ունենան դարմանելու ծանր բեռան տակ կքած Լիբանանցիներու հաւաքական յիշողութիւնը: Քիչ է թիւը այն կողմերուն, որոնք պատմութեան հետ հաշիւի նստելու կամքը ունին: Ու այդ պատճառով է թերեւս, որ ցայսօր Լիբանանի մէջ միացեալ պատմութեան դասագիրք չէ հրապարակուած: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը թէեւ կը պատկանի անցեալին, բայց եւ այնպէս այդ պատերազմին սկիզբ տուած պայմանները եւ պատճառները տակաւին չեն վերացած ու նոյնիսկ աւելիով սրուած են: Ուալիտ Ժոմպլաթի վկայութիւնը զուտ քաղաքական էր: Անոր բոլոր խօսքերը խորքին մէջ կը ներկայացնեն Լիբանանի արդի պատմութեան կարեւոր մէկ հանգրուանը: Վաղը այս հանգրուանը կը դառնայ պատմական անցեալ սակայն կարեւոր է հարց տալ, թէ արդեօ՞ք լիբանանցինները պիտի սորվին անցեալի դասերէն: Արդեօ՞ք պիտի հասկնան, որ զիրենք բաժնող, հատուածներու վերածող ուժերը ոչ թէ կրօնական, էթնիք կամ գաղափարական նպատակներով կ’ընեն այդ բաժանումները այլ պարզապէս ներքին բախումներ ստեղծելու, իրարանցում յառաջացնելու եւ արեւելքի կեղտոտ լուացքները Լիբանանի մէջ լուալու հաշիւներով կ’առաջնորդուին:

Այսօր Սուրիոյ իշխող վարչակարգի իշխանական բուրգէն ներս կարեւոր դէպքեր կը գրանցուին: Ականատես կը դառնանք Ասատի վարչակարգի ապահովական կարեւոր գործիչներու չէզոքացման եւ մահուան: Այս անուններէն պէտք է յիշել Ղազի Քընհանի, Ժամէհ Ժամէհի եւ վերջերս մութ պայմաններու մէջ մահացած Ռըսթոմ Ղազալէի անունները: Այյ անունները անմիջական կապ ունեցած են Լիբանանեան թղթածրարին հետ: Եթէ պահ մը ընդունինք, որ այս մահերը Սուրիոյ վարչակարգի ամբողջական փլուզումը ախտորոշոլ հանգամանքներ չեն, ապա պէտք է ընդունինք, որ կրնան կարեւոր փոփոխութիւններու առաջին նախանշանը ըլլալ: Շատ հաւանաբար Ասատեան վարչակարգը իր ճանապարհէն կը հաւաքէ խանգարող եւ բեռ եղող «արիւնոտ քարեր»ը: Ուշագրաւ է նաեւ, որ այս գործողութիւնները համընթաց կ’ընթանան միջազգային դատարանի աշխատանքներուն հետ:

Սուրիոյ վարչակարգին համար Լիբանանեան թղթածրարը բաւական ծանր եւ սուղ արժող հիմահարց է:Ու զարմանալի չէ, որ այդ բեռան մէջ եղող կարմիր ու արիւնոտ բիծերուն բացայատումը աւելիով պիտի դժուարցնէ Ասատեան րէժիմին գործերը:

Հակառակ անոր, որ ցայսօր քաղաքական սպաննութիւններու ժամանակը չէ աւարտած, Լիբանանցիներու մեծամասնութեան համար միջազգային դատարանին կողմէ մօտիկ ապագային հնչելիք վճիռը կրնայ օգնել, որպէսզի քաղաքական հակառակորդը սպաննութեան ոճով լռեցնելու ոճը վերջնականապէս դադրի:

Ի վերջոյ Լիբանանի մէջ արդարութեան, համերաշխութեան եւ համակեցութեան արդար հիմքերու վրայ դրուած հզօր պետութեան մը կառուցումը կրնայ օգտակար դառնալ, որպէսզի արիւնաքամ վիճակի մէջ յայտնուած արաբական աշխարհի կարեւոր հատուածը վերանորոգուի:

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. ՊՈՂՈՍ ԱՌԱՔՅԱԼ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ says:

    ԱՍԱԴՅԱՆ ՈՃԻՌՆԵՐԸ ՄԻԱՅՆ ԼԻԲԱՆԱՆՅԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐՈՎ ՉԻ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՎՈՒՄ ՊԵՏՔ Է ՀԻՇԵԼ ՎԵՐՋԻ 4 ՏԱՐՎԱ ԸՆԹԱՑՔՈՒՄ 220 000 ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՍԻՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԵՂԵՌՆԱԳՈՐԾՈՒԹՅՈՒՆԸ ՍԻՐԻԱԿԱՆ ՀԵՂԱՓՈԽՈՒԹՅՈՒՆԸ ՉԵԶՈՔԱՑՆԵԼՈՒ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁԵՐՈՎ:ՀԻՇԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԻՐԻԱԿԱՆ ՀԵՂԱՓՈԽՈՒԹՅՈՒՆԸ 2011-ԻՆ ԻՐ ԱՌԱՋԻ ՄԵԿ ՏԱՐԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՎՈՒՄ ԷՐ ԽԱՂԱՂ ՑՈՒՅՑԵՐՈՎ ՈՐԸ ՃՆՇՎԵՑԱՎ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹՅԱՄԲ՝ ԱՐՅԱՄԲ և ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐՈՎ:ՆՈՒՅՆՊԵՍ ԱՍԱՏ ՍԻՐԻՅԱԿԱՆ ՀԵՂԱՓՈԽՈՒԹՅՈՒՆԸ ՇԵՂԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԹՈՒՅԼ ՏՎԱՎ ՈՐ ՍԻՐԻԱ ՄՏՆԵՆ ԻՍԼԱՄԻՍՏ ԾԱՅՐԱՀԵՂԱԿԱՆՆԵՐ:

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031