Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընը հայոց երկու հայրապետներու ներկայութեամբ օրհնուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին: Օրհնուեցանք եւ մենք՝ աւելի քան երկու հազար ամերիկահայերու հետ, որոնցմէ շատեր պատմական բնութագրեցին անցեալ Հինգշաբթիէն մինչեւ Շաբաթ տեղի ունեցած ձեռնարկներու շարքը:
Թերթիս բարեկամներէն Մանաս Պուճիքեանի ազնիւ նուիրատուութեան շնորհիւ, «Ասպարէզ»ի խմբագիրն ալ միացաւ Արեւմտեան շրջանէն այս միջոցառման մասնակցելու մեկնող բազմանդամ պատուիրակութեան:
Շաբաթավերջը «պատմական» բնութագրողներուն համար ամէնէն հիմնականը երկու վեհափառներուն միասին ըլլալն էր: Մեր ժողովուրդը միշտ ալ արտայայտած է իր ծարաւը ազգի միասնականութեան, ոգեւորուած ու խանդավառուած է, երբ հոգեւոր թէ աշխարհիկ ղեկավարութիւնը միասին կ՛աշխատի, նոյնիսկ պարզապէս միասին կ՛երեւի: Հարիւրամեակը ի՛նք պատմական եղաւ այս տեսակէտով եւ այս տարուան ապրիլեան բոլոր միջոցառումներուն գերազանց յաջողութեան երաշխիքը դարձաւ նոյն այս միասնականութիւնը:
Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում