Արժանթինի մէջ մեծ համարում ունեցող թուրք բեմադրիչ Տէմիր Էրկիւնը ներողութիւն խնդրած է հայերէն Հայոց ցեղասպանութեան եւ իր պապերու ձեռքով 1,5 միլիոն անմեղ նահատակներու սպանութեան համար:
PrensaArmenia.com.ar-ի փոխանցմամբ` Արժանթինի մէջ թրքական ֆիլմեր եւ տեսաշարեր նկարահանող Էրկիւնին Twitter-ի իր էջի մէջ հարցուցած են, թէ ինչ է անոր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ, ի պատասխան Էրկիւնը գրած է. «ես Թուրքիոյ քաղաքացի եմ եւ ես ներողութիւմ կը խնդրեմ իմ հայ եղբայրներէն այն տանջանքի համար, որ անոնք կրած են 1915 թուականին»,- գրած է բեմադրիչը: