Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակելու Անյետաձգելի Կոչ. Azbarez.com

Մայիս 02,2015 11:41

Azbarez.com. Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան գործադիր մարմինէն (SARF) ստացած ենք յայտարարութիւն մը, որ Սուրիոյ հայութեան օժանդակելու անյետաձգելի կոչ մըն է՝ Հալէպի հայ համայնքին վրայ նորագոյն յարձակումի լոյսին տակ։
Ստորեւ սոյն յայտարարութիւնը.

Մինչ հայութիւնը կ՛աւարտէր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումները, Հալէպի հայ համայնքը դարձեալ թիրախ դարձած է վայրագ յարձակումի մը, երբ ռմբակոծուած ու աւերուած է Բերիոյ թեմի առաջնորդանիստ՝ 15րդ դարուն կառուցուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցին:
Բարբարոս այս յարձակումին թուականը զուգադիպութեան արդի՞ւնք էր, թէ պատգամ մը այն նոյն ցեղասպան ոճրագործներէն, որոնք կը շարունակեն թիրախ դարձնել մեր մշակոյթը, մեր հաւատքը, մեր ինքնութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, Հալէպի մէջ պատերազմը մտած է նոր եւ շատ վտանգաւոր հանգրուանի մը մէջ։ Մեր թաղամասերը այժմ ուղղակի կրակոցներու ճակատին վրայ կը գտնուին ու ամէնօրեայ յարձակումներու թիրախ են։ Մեր ժողովուրդը անմիջական վտանգ կը դիմագրաւէ ու կը կրէ մարդկային ու նիւթական վնասներ։ Մեր եկեղեցիները եւս կը մնան յարձակումի թիրախ։

Հակառակ անոր, որ Սուրիոյ մեր եղբայրներուն կրած իւրաքանչիւր ողբերգութենէ ետք կը մոլեգնինք, սակայն միաժամանակ կը յիշենք, որ մենք Ցեղասպանութեան մոխիրներէն յարութիւն առած ազգ մըն ենք։ Հալէպի եւ միւս քաղաքներուն մէջ հայութեան կրած աղէտները կը զօրացնեն սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելու մեր նուիրումը, որպէսզի անոնց օժանդակութեան ձեռք երկարենք թէ՛ Սուրիոյ մէջ եւ թէ անկէ դուրս, յատկապէս Հայաստանի մէջ։

Այսօր, Հալէպի բնակիչներուն ճակատագիրը անորոշ է։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր կեցուածքը։ Կոչ կ՛ընենք համայնքին, որ անգամ մը եւս իր գործնական մասնակցութիւնը բերէ սուրիահայութեան օգնելու արշաւին, իր անմիջական օժանդակութիւնը ղրկելով հետեւեալ հասցէներուն՝
www.SyrianArmenianReliefFund.org, Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948։

Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031